Շուշիի մէջ «Քորոնա» վարակի նոր օճախ գտնուած է

Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Առողջապահութեան նախարարութենէն: «Այդ շրջանակէն 1 նոր դէպք գրանցուած է, շփում ունեցած խումբ մը քաղաքացիներ արդէն մեկուսացուած են: «Քորոնա» ժահրով հիւանդի շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: 1 Յուլիսի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան 1 նոր դէպք հաստատուած է: Մեկուսացուած է 58, փաստացի հիւանդութիւնը կը յաղթահարէ 18 քաղաքացի: Անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Առողջացած է 14 քաղաքացի: Ընդհանուր քննութիւններու քանակը 1961 է:
1 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Շուշիի մէջ «Քորոնա» վարակի նոր օճախ գտնուած է

Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր օճախ յայտնաբերուած է: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Առողջապահութեան նախարարութենէն:

«Այդ շրջանակէն 1 նոր դէպք գրանցուած է, շփում ունեցած խումբ մը քաղաքացիներ արդէն մեկուսացուած են: «Քորոնա» ժահրով հիւանդի շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

1 Յուլիսի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան 1 նոր դէպք հաստատուած է: Մեկուսացուած է 58, փաստացի հիւանդութիւնը կը յաղթահարէ 18 քաղաքացի: Անոնց առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Առողջացած է 14 քաղաքացի: Ընդհանուր քննութիւններու քանակը 1961 է:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 26 065-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 26 065-ի

«Քորոնա»ի ախտորոշման փորձարկիչներու հայկական տարբերակը շուտով շրջանառութեան պիտի դրուի
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա»ի ախտորոշման փորձարկիչներու հայկական տարբերակը շուտով շրջանառութեան պիտի դրուի

ԱնցնիլՎեր