Շուշիի շրջանին մէջ ականազերծման ժամանակ ռուս սպայ զոհուած է

Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքի մերձակայքին մէջ զոհուած է Միջազգային հակաականային կեդրոնի ականազերծման խումբի սպայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Շուշի բնակավայրի շրջանին մէջ ճանապարհի ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ պայթած է ականը»,-նշած են նախարարութենէն: Պայթումի հետեւանքով զինուորականը ստացած է ծանր վիրաւորում: Անոր անմիջապէս բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է, սակայն հիւանդանոց տեղափոխելու ժամանակ ան մահացած է: Ինչպէս ըսած են ՌԴ ՊՆ-էն, զինծառայողի ընտանիքին պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Ան մահացած է ստացած վնասուածքներու հետեւանքով:
19 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Շուշիի շրջանին մէջ ականազերծման ժամանակ ռուս սպայ զոհուած է

Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքի մերձակայքին մէջ զոհուած է Միջազգային հակաականային կեդրոնի ականազերծման խումբի սպայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Շուշի բնակավայրի շրջանին մէջ ճանապարհի ականազերծման աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ պայթած է ականը»,-նշած են նախարարութենէն:

Պայթումի հետեւանքով զինուորականը ստացած է ծանր վիրաւորում: Անոր անմիջապէս բժշկական օգնութիւն ցուցաբերուած է, սակայն հիւանդանոց տեղափոխելու ժամանակ ան մահացած է:

Ինչպէս ըսած են ՌԴ ՊՆ-էն, զինծառայողի ընտանիքին պիտի տրամադրուի անհրաժեշտ օգնութիւն եւ աջակցութիւն: Ան մահացած է ստացած վնասուածքներու հետեւանքով:

Վազգէն Թեւանեանը՝ ոսկեայ մետալակիր․ Ըմբշամարտի աշխարհի գաւաթ
Նախորդ նիւթը

Վազգէն Թեւանեանը՝ ոսկեայ մետալակիր․ Ըմբշամարտի աշխարհի գաւաթ

Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէ կ'իրականացուին աշխատանքներ. ԱԱԾ
Յաջորդ նիւթը

Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէ կ’իրականացուին աշխատանքներ. ԱԱԾ

ԱնցնիլՎեր