«Որքան շուտ Վարդանեանը հեռանայ, այնքան լաւ կ’ըլլայ բոլորի համար». Պայրամով

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր Մոսկուայի մէջ ըսած է, որ որքան շուտ Ռուբէն Վարդանեանը «հեռանայ տարածաշրջանէն, այնքան լաւ կ’ըլլայ բոլորի համար»։ Ելոյթ ունենալով Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութիւնը կը կրէ «յանցաւոր արկածախնդիր բնոյթ» եւ «կը խանգարէ վերահամարկում»։ «Այսօր մեր տարածաշրջանին մէջ օտար տարրեր կան։ Նկատի ունիմ Վարդանեանը։ Մենք անոր գործունէութիւնը կը համարենք յանցաւոր եւ արկածախնդիր։ Ան պէտք է հեռանայ տարածաշրջանէն։ Եւ որքան արագ, այնքան լաւ: Ան վնասակար եւ ապակայունացնող գործօն է։ Ասկէ առաջին հերթին կը տուժէ տեղի բնակչութիւնը։ Մինչ անոր յայտնուիլը շփումները դրական էին»,-ըսած է Պայրամով։
24 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
«Որքան շուտ Վարդանեանը հեռանայ, այնքան լաւ կ'ըլլայ բոլորի համար». Պայրամով

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր Մոսկուայի մէջ ըսած է, որ որքան շուտ Ռուբէն Վարդանեանը «հեռանայ տարածաշրջանէն, այնքան լաւ կ’ըլլայ բոլորի համար»։

Ելոյթ ունենալով Սերկէյ Լաւրովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն ըսած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի գործունէութիւնը կը կրէ «յանցաւոր արկածախնդիր բնոյթ» եւ «կը խանգարէ վերահամարկում»։

«Այսօր մեր տարածաշրջանին մէջ օտար տարրեր կան։ Նկատի ունիմ Վարդանեանը։ Մենք անոր գործունէութիւնը կը համարենք յանցաւոր եւ արկածախնդիր։ Ան պէտք է հեռանայ տարածաշրջանէն։ Եւ որքան արագ, այնքան լաւ: Ան վնասակար եւ ապակայունացնող գործօն է։ Ասկէ առաջին հերթին կը տուժէ տեղի բնակչութիւնը։ Մինչ անոր յայտնուիլը շփումները դրական էին»,-ըսած է Պայրամով։

Մաքրոն Ալիեւին կոչ է ըրած է ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով
Նախորդ նիւթը

Մաքրոն Ալիեւին կոչ է ըրած է ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով

Խումբ մը արցախցիներ դէպի ռուս խաղաղապահներու անցակէտ ուղղուած են
Յաջորդ նիւթը

Խումբ մը արցախցիներ դէպի ռուս խաղաղապահներու անցակէտ ուղղուած են

ԱնցնիլՎեր