Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ 

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ զոհուած է: Այդ մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Քիեւի հայ համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեանը, նշելով, որ ան զոհուած է իր բնակավայրի մօտ՝ հարազատները տարհանելու ժամանակ: Յայտնի են միայն քաղաքացիի անուն-ազգանունը՝ Վանիկ Սողոմոնեան: Ան Ուքրանիոյ քաղաքացի էր, Խերսոն քաղաքի բնակիչ: Վանիկ Սողոմոնեանը մասնակցութիւն չէ ունեցած ռազմական գործողութիւններուն: Սա առաջին դէպքն է, երբ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ ազգութեամբ հայ կը զոհուի: Նշենք, որ Խերսոնի մէջ վերջին օրերուն թէժ մարտեր կ’ընթանային: Ռուաստանն արդէն յայտարարած է, որ քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ։
3 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ 

Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ազգութեամբ հայ խաղաղ բնակիչ զոհուած է:

Այդ մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած է Քիեւի հայ համայնքի ղեկավար Նորիկ Գէորգեանը, նշելով, որ ան զոհուած է իր բնակավայրի մօտ՝ հարազատները տարհանելու ժամանակ:

Յայտնի են միայն քաղաքացիի անուն-ազգանունը՝ Վանիկ Սողոմոնեան: Ան Ուքրանիոյ քաղաքացի էր, Խերսոն քաղաքի բնակիչ:

Վանիկ Սողոմոնեանը մասնակցութիւն չէ ունեցած ռազմական գործողութիւններուն:

Սա առաջին դէպքն է, երբ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ ազգութեամբ հայ կը զոհուի:

Նշենք, որ Խերսոնի մէջ վերջին օրերուն թէժ մարտեր կ’ընթանային: Ռուաստանն արդէն յայտարարած է, որ քաղաքը ամբողջութեամբ անցած է ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ։

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 30 տարեկան է
Նախորդ նիւթը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 30 տարեկան է

Ինչո՞ւ ձեր քաղաքական ուժերու ղեկավարները բանակցեր են հայրենիքի որոշակի տոկոս յանձնելու շուրջ․ Ռուբինեանի հարցադրումները՝ ընդդիմադիրներուն
Յաջորդ նիւթը

Ինչո՞ւ ձեր քաղաքական ուժերու ղեկավարները բանակցեր են հայրենիքի որոշակի տոկոս յանձնելու շուրջ․ Ռուբինեանի հարցադրումները՝ ընդդիմադիրներուն

ԱնցնիլՎեր