Չինաստանէն՝ Հայաստան. Օգնութիւններու երկրորդ խմբաքանակը հասաւ

15 Ապրիլին յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու հերթական խմբաքանակը: Խմբաքանակը ձեռք բերուած է Էտուարտօ Էռնեկեանի ընկերութիւններու` • «Քոնվերս Պանք» ՓԲԸ-ի, • «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ի, • «Կարաս Ուայնս»-ի, • եւ այլ նուիրատուներու կողմէ տրամադրուած նիւթական միջոցներով: Հայաստան բերուած են. ✅աւելի քան 87 000 պաշտպանիչ բժշկական հագուստ, ✅24 000 բժշկական դիմակ, ✅20 000 KN95 պաշտպանիչ դիմակ, ✅101 հեռահար ջերմաչափ, ✅բժշկական գործիքներ, ✅պիոքիմիական հումք «Քորոնա» ժահրի աշխտորոշման սրուակներ պատրաստելու համար: Օդանաւով փոխադրուած են նաեւ ՀՀ պետական միջոցներով ձեռք բերուած, ինչպէս նաեւ չինացի բարերարներու նուիրաբերած բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ:  
17 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Չինաստանէն՝ Հայաստան. Օգնութիւններու երկրորդ խմբաքանակը հասաւ

15 Ապրիլին յատուկ թռիչքով Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ բժշկական պարագաներու եւ սարքաւորումներու հերթական խմբաքանակը:

Խմբաքանակը ձեռք բերուած է Էտուարտօ Էռնեկեանի ընկերութիւններու`

• «Քոնվերս Պանք» ՓԲԸ-ի,
• «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ի,
• «Կարաս Ուայնս»-ի,
• եւ այլ նուիրատուներու կողմէ տրամադրուած նիւթական միջոցներով:

Հայաստան բերուած են.

✅աւելի քան 87 000 պաշտպանիչ բժշկական հագուստ,
✅24 000 բժշկական դիմակ,
✅20 000 KN95 պաշտպանիչ դիմակ,
✅101 հեռահար ջերմաչափ,
✅բժշկական գործիքներ,
✅պիոքիմիական հումք «Քորոնա» ժահրի աշխտորոշման սրուակներ պատրաստելու համար:

Օդանաւով փոխադրուած են նաեւ ՀՀ պետական միջոցներով ձեռք բերուած, ինչպէս նաեւ չինացի բարերարներու նուիրաբերած բժշկական պարագաներ եւ սարքաւորումներ:
 

Մարտին Գալստեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախգահ
Նախորդ նիւթը

Մարտին Գալստեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախգահ

Թրքական թերթը բացայայտած է թուրք պաշտօնեային սուտը՝ չինական արկղներուն վրայ Արարատի մասին գրութեան կապակցութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Թրքական թերթը բացայայտած է թուրք պաշտօնեային սուտը՝ չինական արկղներուն վրայ Արարատի մասին գրութեան կապակցութեամբ

ԱնցնիլՎեր