Պայմաններ ստեղծել խաղաղ գործընթացի մէջ յառաջընթացի համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կոչով դիմած է Ալիեւին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը: «Իմ պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ես քայլեր ձեռնարկած եմ նոյն այս ծիրին մէջ: Այս նպատակով, ես հանդէս եկայ յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Յատկանշական է, որ ես առաջին հայ ղեկավարն էի, որ նման դիրքորոշում յայտնեց հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ: Զիս խստօրէն քննադատեցին իմ երկրին մէջ լուծման այնպիսի բանաձեւի համար, որ հաւասարութեան նշան կը դնէ հակամարտութեան
26 Սեպտեմբերի 2019
13 ր. ընթերցում
Պայմաններ ստեղծել խաղաղ գործընթացի մէջ յառաջընթացի համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կոչով դիմած է Ալիեւին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կը հաղորդէ «Արմէնբրես»ը:

«Իմ պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն ես քայլեր ձեռնարկած եմ նոյն այս ծիրին մէջ: Այս նպատակով, ես հանդէս եկայ յայտարարութեամբ, ուր կ՝ըսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ցանկացած լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Յատկանշական է, որ ես առաջին հայ ղեկավարն էի, որ նման դիրքորոշում յայտնեց հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ: Զիս խստօրէն քննադատեցին իմ երկրին մէջ լուծման այնպիսի բանաձեւի համար, որ հաւասարութեան նշան կը դնէ հակամարտութեան 3 կողմերուն միջեւ: Այդուամենայնիւ, ես կը հաւատամ, որ ատիկա հակամարտութեան խաղաղ լուծման բանալին է, քանի որ անիկա կ՝ենթադրէ փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան հնարաւորութիւն: Ես այդ բանաձեւը ներկայացուցի ոչ միայն հանրութեան, այլեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ներքոյ իրականացուող բանակցութիւններու ծիրէն ներս: Առաջ ընթանալու համար ես կ՝ակնկալէի նման յայտարարութիւն նաեւ Ատրպէյճանէն: Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները մնացին իրենց դիրքորոշման վրայ՝ ձգտելով ղարաբաղեան հիմնախնդրի այնպիսի լուծման, որ ընդունելի պիտի ըլլայ միայն Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա իրականութեան մէջ: Ատիկա կը  նշանակէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադրութիւն չունին լուծելու այս հակամարտութիւնը: Փոխարէնը, անոնք կ՝ուզեն յաղթել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին: Անոնք չեն ուզեր որեւէ փոխզիջման երթալ: Անոնց նպատակը վրէժխնդրութիւնն է 1990-ականներուն եւ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ յարձակման անյաջող փորձին համար: Այդ իսկ պատճառով՝ անոնք կը բորբոքեն հակահայկական տրամադրութիւններ իրենց ժողովուրդին մէջ, այդ պատճառով անոնք հսկայական միջոցներ կը ծախսեն սպառազինութեան վրայ, այդ իսկ պատճառով հայատեացութիւնը արդէն դարձած է Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Փաշինեան:

Ան աւելցուցած է՝ փաստօրէն, մեր հակառակորդները կ՝ուզեն ետ բերել Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդային ժամանակներու կարգավիճակը: «Բայց ատիկա ապարդիւն ջանք է, քանի որ խորհրդային շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովուրդը հռչակած է իր անկախութիւնը եւ ինքնորոշում իրականացուցած այնպէս, ինչպէս ատիկա ըրաւ Ատրպէյճանը՝ դուրս գալով Խորհրդային միութեան կազմէն: Ատրպէյճանի այս դիրքորոշումը հաւասարազօր է Խորհրդային միութեան վերականգնման գաղափարին։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ: Մենք բնաւ համաձայն չենք հակամարտութեան այդպիսի մեկնաբանութեան հետ: Ատիկա վէճ չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Այս վէճը տարածքային պահանջներու մասին չէ: Խօսքը մարդոց մասին է, տղամարդոց, կանանց եւ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու անոնց իրաւունքին մասին, այնպէս, ինչպէս ապրած են իրենց նախնիները դարերու ընթացքին: Ցաւօք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն ուզեր խօսիլ այդ մարդոց հետ եւ բանակցիլ անոնց հետ, քանի որ անոնք կ՝ուզեն ունենալ տարածքներ, բայց ոչ ժողովուրդ: Աւելի ճիշդ` տարածքներ, առանց ժողովուրդի»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարած է բացատրել, թէ ինչու կ՝անդրադառնայ այդ թեմային: «Կրնայ թուիլ, թէ ես կ՝ուզեմ նպաստել տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին: Ի հարկէ՝ ոչ, ընդհակառակը, ես կ՝ուզեմ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատ բարդ եւ ցաւոտ հարց է տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար, որ անհնար է լուծել առանց ծանր եւ հետեւողական աշխատանքի, առանց փոխզիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշիռ մօտեցման: Ուստի ես կոչ կ՝ընեմ իմ գործընկերոջ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ընդունելու բանաձեւը՝ պայմաններ ստեղծելու խաղաղ գործընթացի մէջ յառաջընթացի համար: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան իւրաքանչիւր լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին համար: Մենք պէտք է միասին աշխատինք՝ այս բանաձեւը իրականութիւն դարձնելու համար»,- եզրափակած է Փաշինեան:

Մահացած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը
Նախորդ նիւթը

Մահացած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքը

Նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը կանչուած է ՅՔԾ
Յաջորդ նիւթը

Նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը կանչուած է ՅՔԾ

ԱնցնիլՎեր