«Պատիւ ունեմ» դաշինքը կը վերցնէ պատգամաւորական մանտաթները

«Պատիւ ունեմ» դաշինքը որոշում կայացուցած է վերցնել պատգամաւորական մանտաթները։ Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է դաշինքի մամուլի խօսնակ Սոս Յակոբեանը: «Գիտէք, որ ինքնաբացարկների ժամկէտն այսօր է՝ մինչ 18:00, սակայն ինքնաբացարկներ չեն սպասուում, ամէն դէպքում, այդպիսի որոշում չունենք»:  Հարցին՝ որոշում կա՞յ, թէ ով պիտի ըլլայ խմբակցութեան ղեկավարը, ո՞րուն պիտի առաջադրեն ԱԺ փոխխօսնակի պաշտօնին, Յակոբեանն ըսած է, որ այս թեմաներով քննարկում դեռ չեն ունեցած:  Նշենք, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ԱԺ-ի մէջ պիտի ունենայ 7 պատգամաւոր: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած համամասնական ցուցակի՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը Ազգային ժողովի մէջ պիտի ներկայացնեն ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, ՀՀԿ-ական Աննա Մկրտչեանը, Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ Իշխան Զաքարեանը, ՀՀԿ երիտմիութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը,
21 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
«Պատիւ ունեմ» դաշինքը կը վերցնէ պատգամաւորական մանտաթները

«Պատիւ ունեմ» դաշինքը որոշում կայացուցած է վերցնել պատգամաւորական մանտաթները։ Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է դաշինքի մամուլի խօսնակ Սոս Յակոբեանը: «Գիտէք, որ ինքնաբացարկների ժամկէտն այսօր է՝ մինչ 18:00, սակայն ինքնաբացարկներ չեն սպասուում, ամէն դէպքում, այդպիսի որոշում չունենք»: 

Հարցին՝ որոշում կա՞յ, թէ ով պիտի ըլլայ խմբակցութեան ղեկավարը, ո՞րուն պիտի առաջադրեն ԱԺ փոխխօսնակի պաշտօնին, Յակոբեանն ըսած է, որ այս թեմաներով քննարկում դեռ չեն ունեցած: 

Նշենք, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ԱԺ-ի մէջ պիտի ունենայ 7 պատգամաւոր: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած համամասնական ցուցակի՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը Ազգային ժողովի մէջ պիտի ներկայացնեն ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, ՀՀԿ-ական Աննա Մկրտչեանը, Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ Իշխան Զաքարեանը, ՀՀԿ երիտմիութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը, «Իմ քայլը» խմբակցութեան նախկին անդամ Թագուհի Թովմասեանը եւ Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, ռազմական փորձագէտ Տիգրան Աբրահամեանը։

Ընկ. Արա Ահարոնեանի անտիպ հատորին առթիւ. Հաղորդագրութիւն ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան
Նախորդ նիւթը

Ընկ. Արա Ահարոնեանի անտիպ հատորին առթիւ. Հաղորդագրութիւն ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան

Ռուսաստանը կ'ողջունէ Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն ԵՄ միջնորդական ջանքերը․ Փեսքով
Յաջորդ նիւթը

Ռուսաստանը կ’ողջունէ Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն ԵՄ միջնորդական ջանքերը․ Փեսքով

ԱնցնիլՎեր