Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ բախումները նախաձեռնած է Ատրպէյճանը. ԱԳՆ

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 13 Յունուար 2022-ի յատուկ նիստին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու ներկայացուց լեհական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ յաջորդած միտքերու փոխանակման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակ կազմակերպուող սադրանքներուն եւ զինուորական բախումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային կորուստներու: «Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք 12 մայիս 2021-էն ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներուն կողմէ 11 Յունուար 2022-ին հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով կազմակերպած սադրիչ գործողութեան, որուն պատճառով զոհուած են Հայաստանի զինուորներ
14 Հունվարի 2022
5 ր. ընթերցում
Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ բախումները նախաձեռնած է Ատրպէյճանը. ԱԳՆ

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի 13 Յունուար 2022-ի յատուկ նիստին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաու ներկայացուց լեհական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ յաջորդած միտքերու փոխանակման ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արմէն Պապիկեան հանդէս եկաւ ելոյթով, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակ կազմակերպուող սադրանքներուն եւ զինուորական բախումներուն, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային կորուստներու:

«Մասնաւորապէս, անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք 12 մայիս 2021-էն ներխուժած ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումներուն կողմէ 11 Յունուար 2022-ին հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով կազմակերպած սադրիչ գործողութեան, որուն պատճառով զոհուած են Հայաստանի զինուորներ Արթուր Մխիթարեանը, Ռուդիկ Ղարիբեանը եւ Վահան Բաբայեանը:

«Ընդգծուեցաւ, որ վերջին օրերուն Պաքուէն հնչող հայատեաց եւ, միեւնոյն ժամանակ, «ինքնախոստովանական» յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ այդ բախումները նախաձեռնած է Ազրպէյճանը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին ուշադրութեան յանձնուեցան Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ գերի ինկած քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու խնդիրները, որոնք մինչեւ օրս չեն հանգուցալուծուած` Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ներքեւ ստանձնած պարտաւորութիւններու ոտնահարման պատճառով:

Դեսպան Պապիկեան կոչ ուղղեց ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն` գործուն միջոցներու ձեռնարկելու` դադրեցնելու Ատրպէյճանի սադրանքները, եւ վերսկսելու տագնապի լուծման խաղաղ հոլովոյթին:

Կայացած է ՀԱՊԿ Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստը
Նախորդ նիւթը

Կայացած է ՀԱՊԿ Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստը

«Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը». ՀՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

«Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը». ՀՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր