Պաքուն կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի յայտարարութիւնը, որ հայերու կարծիքով՝ Ատրպէյճանը յարձակման կը պատրաստուի 2023 թուականի գարնան։ «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավարը, հիմնուելով հայկական կողմի կեղծ եւ զրպարտչական յայտարարութիւններու վրայ, կարծիք յայտնած է, որ Ատրպէյճանը իբր կը պատրաստուի յարձակման, եւ ներկայացուցած է, թէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հիմնական խնդիրը Հայաստանը Ատրպէյճանէն պաշտպանելն է», -ըսած է Հաճիզատէն: «Մենք բազմիցս ընդգծած ենք այս առաքելութեան չարաշահումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը խաթարելուն», — նշած է Ատրպէյճանի Արտաքին
30 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Պաքուն կը դատապարտէ Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ղեկավարի յայտարարութիւնը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի յայտարարութիւնը, որ հայերու կարծիքով՝ Ատրպէյճանը յարձակման կը պատրաստուի 2023 թուականի գարնան։

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավարը, հիմնուելով հայկական կողմի կեղծ եւ զրպարտչական յայտարարութիւններու վրայ, կարծիք յայտնած է, որ Ատրպէյճանը իբր կը պատրաստուի յարձակման, եւ ներկայացուցած է, թէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հիմնական խնդիրը Հայաստանը Ատրպէյճանէն պաշտպանելն է», -ըսած է Հաճիզատէն:

«Մենք բազմիցս ընդգծած ենք այս առաքելութեան չարաշահումները կանխելու անհրաժեշտութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը խաթարելուն», — նշած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը իր մեկնաբանութեան մէջ։

Անոր խօսքով՝ «Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը պէտք չէ ենթարկուի կեղծ ու զրպարտչական յայտարարութիւններուն եւ պէտք է գործէ իր մանթատի համաձայն»։

Հայաստանի մէջ  Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ղեկավարը, մինչդեռ, ոչ թէ ըսած է, որ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի յարձակման, այլ՝ «շատ հայեր կը կարծեն, որ Ատրպէյճանի կողմէ գարնան յարձակում պիտի ըլլայ»: «Եթէ այդ տեղի չունենայ, մեր առաքելութիւնը արդէն յաջողած է», — ընդգծած է Ռիթըր:

Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի համագործակցութեան հարցերը կառուցողական լուծում կը ստանան. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար
Նախորդ նիւթը

Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի համագործակցութեան հարցերը կառուցողական լուծում կը ստանան. Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար

«Դուք օգնեցիք, որ Ատրպէյճան Հայաստան չներխուժէ». Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ին
Յաջորդ նիւթը

«Դուք օգնեցիք, որ Ատրպէյճան Հայաստան չներխուժէ». Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ին

ԱնցնիլՎեր