Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ցաւակցական Այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի եւ անդամակցութեամբ Տոքթ.Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Վաչէ Տօնէրեանի, Լեւոն Բարսեղեանի եւ Վիգէն Թոսունեանի այցելեց Էշրէֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ցաւակցութիւն յայտնելու համար Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանի մահուան տխուր առիթով:  Պատուիրակութիւնը համայնքին յայտնեց իր ցաւակցութիւնները քաջ եւ իմաստուն հոգեւորականի մը մահուան առիթով: Ընկեր Տագէսեան յոյս յայտնեց, թէ հայ կաթողիկէ միաբանութիւնը կ’ընտրէ արժանի յաջորդը, որ համայնքին կը պարգեւէ պայծառութիւն եւ վերելք: Այցելութեան աւարտին, Կուսակցութեան անունով ցաւակցագիր մը գրուեցաւ մատեանին մէջ:
27 Մայիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ցաւակցական Այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի եւ անդամակցութեամբ Տոքթ.Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Վաչէ Տօնէրեանի, Լեւոն Բարսեղեանի եւ Վիգէն Թոսունեանի այցելեց Էշրէֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ցաւակցութիւն յայտնելու համար Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանի մահուան տխուր առիթով: 

Պատուիրակութիւնը համայնքին յայտնեց իր ցաւակցութիւնները քաջ եւ իմաստուն հոգեւորականի մը մահուան առիթով: Ընկեր Տագէսեան յոյս յայտնեց, թէ հայ կաթողիկէ միաբանութիւնը կ’ընտրէ արժանի յաջորդը, որ համայնքին կը պարգեւէ պայծառութիւն եւ վերելք: Այցելութեան աւարտին, Կուսակցութեան անունով ցաւակցագիր մը գրուեցաւ մատեանին մէջ:

Սպանիայէն յորդոր՝ Ատրպէյճանին. Զօրքերը դուրս բերել Հայաստանէն
Նախորդ նիւթը

Սպանիայէն յորդոր՝ Ատրպէյճանին. Զօրքերը դուրս բերել Հայաստանէն

Փաշինեան անդրադարձաւ սահմանային միջադէպին՝ եղածը համարելով առեւանգում
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան անդրադարձաւ սահմանային միջադէպին՝ եղածը համարելով առեւանգում

ԱնցնիլՎեր