ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ Ընկ. Յակոբ Նազարեանի այցը Արցախ

Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հրաւէրով, Արցախ այցելած էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ՝ մեծարգոյ Ընկեր Յակոբ Նազարեանը: Այցելութեան առաջին օրը, յարգարժան ընկերը, շինարարական փոքրիկ դասախօսութիւն կարդաց Շուշիի Արհեստագիտական համալսարանի շինարարական բաժնի խումբ մը ուսանողներուն, պատասխանեց անոնց հարցերուն: Ուսանողներու խանդավառութեան ի տես, Ընկ. Նազարեանը խոստացաւ յաճախակի դարցնել նման արդիւնաւէտ հանդիպումները: Յաջորդ օրը ընկ. Յակոբ Նազարեանը Արցախի ՌԱԿ գրասենեակէն ներս հանդիում ունեցաւ խումբ մը կուսակցական երիտասարդներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան՝  Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ, միտուած՝ կուսակցութեան շարքերը երիտասարդներով համալրելու եւ Արցախի ու սփիւռքի երիտասարդութեան կապը ամրապնդելուն: Ընկ. Յակոբ Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
26 Հուլիսի 2019
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ Ընկ. Յակոբ Նազարեանի այցը Արցախ

Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հրաւէրով, Արցախ այցելած էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ՝ մեծարգոյ Ընկեր Յակոբ Նազարեանը:

Այցելութեան առաջին օրը, յարգարժան ընկերը, շինարարական փոքրիկ դասախօսութիւն կարդաց Շուշիի Արհեստագիտական համալսարանի շինարարական բաժնի խումբ մը ուսանողներուն, պատասխանեց անոնց հարցերուն: Ուսանողներու խանդավառութեան ի տես, Ընկ. Նազարեանը խոստացաւ յաճախակի դարցնել նման արդիւնաւէտ հանդիպումները:

Յաջորդ օրը ընկ. Յակոբ Նազարեանը Արցախի ՌԱԿ գրասենեակէն ներս հանդիում ունեցաւ խումբ մը կուսակցական երիտասարդներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան՝  Արցախի ճանաչման ու զարգացման վերաբերող, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ, միտուած՝ կուսակցութեան շարքերը երիտասարդներով համալրելու եւ Արցախի ու սփիւռքի երիտասարդութեան կապը ամրապնդելուն:

Ընկ. Յակոբ Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանին,  ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց, խոստանալով իր աջակցութիւնը բերել յատկապէս Արցախի երիտասարդութեան զարգացման եւ հնարաւորութիւններու ստեղծամ գործին:

 

Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան. Ռաֆֆի Պալեան
Նախորդ նիւթը

Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան. Ռաֆֆի Պալեան

karvajar-Gagig-Mardirossian
Յաջորդ նիւթը

Ընկ. Արա Ահարոնեանի այցելութիւնը Քարվաճառ

ԱնցնիլՎեր