Ռուբէն Վարդանեան պարէնային անվտանգութեան հարցեր քննարկած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ

Արցախի  Հանրապետութեան  պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հանդիպած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ տեղեկանալու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ անոնց խնդիրներու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու պարէնային անվտանգութեանն առնչուող շարք մը հարցեր: Խորհրդակցութեան մասնակիցները պետական նախարարին հաւաստիացուցած են, որ շրջափակման իրավիճակի մէջ իրենց համար առաջնային է հանրային ու պետական շահը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են կառավարութեան հետ համագործակցուած աշխատիլ՝ ճգնաժամը միասնաբար դիմակայելու համար: Գործարարներն առաջարկած են նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային դիտարկել իրենց տնօրինութեան տակ գտնուող ենթակառուցուածքներու օգտագործման հնարաւորութիւնը՝ առկայ պաշարները պահպանելու եւ համաչափ բաշխելու հարցով: Ռուբէն Վարդանեանը ողջունելի համարած է անոնց մօտեցումն ու դիրքորոշումը՝ ընդգծելով այս բարդ իրավիճակին մէջ
27 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Ռուբէն Վարդանեան պարէնային անվտանգութեան հարցեր քննարկած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ

Արցախի  Հանրապետութեան  պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հանդիպած է առաքող եւ արտադրող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ տեղեկանալու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ անոնց խնդիրներու մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու պարէնային անվտանգութեանն առնչուող շարք մը հարցեր:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները պետական նախարարին հաւաստիացուցած են, որ շրջափակման իրավիճակի մէջ իրենց համար առաջնային է հանրային ու պետական շահը, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են կառավարութեան հետ համագործակցուած աշխատիլ՝ ճգնաժամը միասնաբար դիմակայելու համար:

Գործարարներն առաջարկած են նաեւ անհրաժեշտութեան պարագային դիտարկել իրենց տնօրինութեան տակ գտնուող ենթակառուցուածքներու օգտագործման հնարաւորութիւնը՝ առկայ պաշարները պահպանելու եւ համաչափ բաշխելու հարցով:

Ռուբէն Վարդանեանը ողջունելի համարած է անոնց մօտեցումն ու դիրքորոշումը՝ ընդգծելով այս բարդ իրավիճակին մէջ առկայ խնդիրներու քննարկման եւ համատեղ լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 11 ամսուան մէջ աճած է 14,4 տոկոսով
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 11 ամսուան մէջ աճած է 14,4 տոկոսով

Քրեմլին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին է. Լաւրով
Յաջորդ նիւթը

Քրեմլին «գլխատող հարուած» հասցնելու վերաբերեալ Փենթակոնի յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահը ֆիզիքապէս ոչնչացնելու սպառնալիքի մասին է. Լաւրով

ԱնցնիլՎեր