Ռուսաց խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ՝ մարդասիրական կարիքներու շարասիւն

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով փոխադրամիջոցներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու բանակցային գործընթացը, յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիով։ Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով անցած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մէկ շարասիւն՝ մարդասիրական բեռերով։ Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ։
23 Հունվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Ռուսաց խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ՝ մարդասիրական կարիքներու շարասիւն

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով փոխադրամիջոցներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու բանակցային գործընթացը, յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիով։ Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով անցած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մէկ շարասիւն՝ մարդասիրական բեռերով։

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ։

ԱԺ նախագահը կը վստահեցնէ՝ 15 զինծառայողի մահուան ողբերգական դէպքի բոլոր մեղաւորները պատասխանատւութիւն պիտի կրեն
Նախորդ նիւթը

ԱԺ նախագահը կը վստահեցնէ՝ 15 զինծառայողի մահուան ողբերգական դէպքի բոլոր մեղաւորները պատասխանատւութիւն պիտի կրեն

42 օր շրջափակուած Արցախի մէջ հարսանիք է
Յաջորդ նիւթը

42 օր շրջափակուած Արցախի մէջ հարսանիք է

ԱնցնիլՎեր