Ռուս խաղաղապահները մտան Ստեփանակերտ

Հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի Ղարաբաղի մէջ շփման գիծի ողջ երկայնքով: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ՊՆ ներկայացուցիչ, զօրավար-մայոր Իկոր Քոնաշէնկովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»: «12 նոյեմբերին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առաջնային ստորաբաժանումները սկսան կատարել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու մասին պայմանաւորուածութիւններու վերահսկողութեան (մոնիթորինկի) առաջադրանքները: Հրադադարը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով»,- ըսած է ան: «15-րդ առանձին մոթոհրաձգային ջոկատի խաղաղապահ գումարտակը, քայլերթ կատարելով, ժամը 17.00-ին մտաւ Ստեփանակերտ քաղաք»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: 10 դիտակէտ տեղակայուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Լաչինի միջանցքի կողմերը շփման գիծի երկայնքով:
13 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ռուս խաղաղապահները մտան Ստեփանակերտ

Հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի Ղարաբաղի մէջ շփման գիծի ողջ երկայնքով: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ՊՆ ներկայացուցիչ, զօրավար-մայոր Իկոր Քոնաշէնկովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»:

«12 նոյեմբերին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առաջնային ստորաբաժանումները սկսան կատարել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու մասին պայմանաւորուածութիւններու վերահսկողութեան (մոնիթորինկի) առաջադրանքները: Հրադադարը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով»,- ըսած է ան: «15-րդ առանձին մոթոհրաձգային ջոկատի խաղաղապահ գումարտակը, քայլերթ կատարելով, ժամը 17.00-ին մտաւ Ստեփանակերտ քաղաք»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

10 դիտակէտ տեղակայուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Լաչինի միջանցքի կողմերը շփման գիծի երկայնքով:

Քաշաթաղի մէջ մերոնք կը վերցնեն ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած պուրակը
Նախորդ նիւթը

Քաշաթաղի մէջ մերոնք կը վերցնեն ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած պուրակը

Արբանեակային պատկերները կ'ապացուցեն ԼՂ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորի կիրառումը. DFRLab-ի անդրադարձը
Յաջորդ նիւթը

Արբանեակային պատկերները կ’ապացուցեն ԼՂ-ի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ֆոսֆորի կիրառումը. DFRLab-ի անդրադարձը

ԱնցնիլՎեր