Ռուս խաղաղապահները շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Արցախի Խնուշինակ գիւղի բնակչութեան

Ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորին զինծառայողները՝ բարերարներու հետ համատեղ, շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Խնուշինակ համայնքի կարիքաւոր եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Այսօր, բարեգործական «Մերսի» միութեան հետ համատեղ, Խնուշինակ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցան բոլոր բնակիչները: Բազմազաւակ ընտանիքներուն յատկացուեցան տնտեսական իրեր, կազօճախներ, իսկ բոլոր բնակիչներուն յատկացուեցան հագուստ եւ կօշիկներ: Այդ համայնքին մէջ կ’ապրի 10 բազմազաւակ ընտանիք: Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներուն թիւը 60 է: Գիւղին բոլոր դպրոցականները ստացած են կօշիկներ:»,- ըսաւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորի ներկայացուցիչ Տմիթրի Թուսիտին: Նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս գիւղին մէջ օգնութիւն ստացած է մօտաւորապէս  1000 բնակիչ:
10 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Ռուս խաղաղապահները շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Արցախի Խնուշինակ գիւղի բնակչութեան

Ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորին զինծառայողները՝ բարերարներու հետ համատեղ, շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Խնուշինակ համայնքի կարիքաւոր եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Այսօր, բարեգործական «Մերսի» միութեան հետ համատեղ, Խնուշինակ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցան բոլոր բնակիչները: Բազմազաւակ ընտանիքներուն յատկացուեցան տնտեսական իրեր, կազօճախներ, իսկ բոլոր բնակիչներուն յատկացուեցան հագուստ եւ կօշիկներ: Այդ համայնքին մէջ կ’ապրի 10 բազմազաւակ ընտանիք: Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներուն թիւը 60 է: Գիւղին բոլոր դպրոցականները ստացած են կօշիկներ:»,- ըսաւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորի ներկայացուցիչ Տմիթրի Թուսիտին:

Նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս գիւղին մէջ օգնութիւն ստացած է մօտաւորապէս  1000 բնակիչ:

Ըմբշամարտիկ Արսէն Յարութիւնեանը աշխարհի ախոյեան
Նախորդ նիւթը

Ըմբշամարտիկ Արսէն Յարութիւնեանը աշխարհի ախոյեան

Շուշիի մօտ Ատրպէյճանցիները կրակած են քաղաքացիներու Վրայ. Կայ շէկ զոհ. ԱԱԾ
Յաջորդ նիւթը

Շուշիի մօտ Ատրպէյճանցիները կրակած են քաղաքացիներու Վրայ. Կայ շէկ զոհ. ԱԱԾ

ԱնցնիլՎեր