Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը

Այսօր՝ 19 փետրուարին Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը: Այս մասին «Փասթինֆո»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը: Նիստին պիտի մասնակցին փոխնախարարներ, գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պատգամաւորներ. «Նիստը տեղի կ’ունենայ Գորայքում: Նիստի նպատակը յետպատերազմեան ժամանակահատուածում Սիւնիքում առաջացած խնդիրներն արձանագրելն է, օփերաթիւ կերպով այդ խնդիրներին լուծում տալը, իսկ այն խնդիրները, որոնք օփերաթիւ լուծման ենթակայ չեն, կը ներկայացնենք կառավարութիւն»,-ըսած է Արմէն Խաչատրեանը։ Սիւնեցի պատգամաւորը յայտնած է նաեւ, որ սա աշխատանքային խումբի երրորդ նիստն է: Յիշեցնենք, որ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբը ստեղծուած է վարչապետի որոշմամբ՝ 15 յունուարին: Այս օրերուն ահազանգներ
19 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը

Այսօր՝ 19 փետրուարին Սիւնիքի մէջ պիտի կայանայ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստը: Այս մասին «Փասթինֆո»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանը:

Նիստին պիտի մասնակցին փոխնախարարներ, գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պատգամաւորներ.

«Նիստը տեղի կ’ունենայ Գորայքում: Նիստի նպատակը յետպատերազմեան ժամանակահատուածում Սիւնիքում առաջացած խնդիրներն արձանագրելն է, օփերաթիւ կերպով այդ խնդիրներին լուծում տալը, իսկ այն խնդիրները, որոնք օփերաթիւ լուծման ենթակայ չեն, կը ներկայացնենք կառավարութիւն»,-ըսած է Արմէն Խաչատրեանը։

Սիւնեցի պատգամաւորը յայտնած է նաեւ, որ սա աշխատանքային խումբի երրորդ նիստն է:

Յիշեցնենք, որ Սիւնիքի անվտանգային հարցերով զբաղող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբը ստեղծուած է վարչապետի որոշմամբ՝ 15 յունուարին:

Այս օրերուն ահազանգներ հնչած էին անվտանգային բազմաթիւ խնդիրներու մասին. Ատրպէյճիները կը շարունակեն մեթր առ մեթր առաջ գալ, արձակել կրակոցներ, որու հետեւանքով գիւղացիները կը վախնան անասնապահութեամբ, գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ:

Կայացաւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպումը Մոսկուայի մէջ. Օրակարգի վրայ էր գերիներու հարցը
Նախորդ նիւթը

Կայացաւ Այվազեան-Լաւրով հանդիպումը Մոսկուայի մէջ. Օրակարգի վրայ էր գերիներու հարցը

Տարօն Մարգարեանին եւ Արման Սահակեանին մեղադրանք առաջադրուած է
Յաջորդ նիւթը

Տարօն Մարգարեանին եւ Արման Սահակեանին մեղադրանք առաջադրուած է

ԱնցնիլՎեր