Սոթքի հանքի մօտակայքը անկանոն կրակոցներ հնչած են, աշխատակիցները տարհանուած են

Գիշերը Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Քարվաճառի սահմանին իրավիճակը լարուած եղած է։ Լարուածութիւնը մեծ եղած է յատկապէս Սոթքի հանքի տարածքին մօտ, քանի որ սահմանը կ’անցնի հանքի ճիշդ մէջտեղէն։ Անկանոն կրակոցներ հնչած են։ «Ճեոփրոմայնինկ Կոլտ» ընկերութենէն Tert․am–ին յայտնած են, որ զինուորականներու մէջ եղած է խնդիր, հնչած են անկանոն կրակոցներ, իսկ քանի որ աշխատակիցները կ’աշխատին սահմանին ու դիրքերուն փակած, ընկերութեան ղեկավարութիւնը որոշում կայացուցած է տարհանել աշխատակիցները։ Աշխատակիցներէն ոչ ոք տուժած է, տարհանուած է շուրջ 150 աշխատակից։
26 Հուլիսի 2021
1 ր. ընթերցում
Սոթքի հանքի մօտակայքը անկանոն կրակոցներ հնչած են, աշխատակիցները տարհանուած են

Գիշերը Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Քարվաճառի սահմանին իրավիճակը լարուած եղած է։ Լարուածութիւնը մեծ եղած է յատկապէս Սոթքի հանքի տարածքին մօտ, քանի որ սահմանը կ’անցնի հանքի ճիշդ մէջտեղէն։ Անկանոն կրակոցներ հնչած են։

«Ճեոփրոմայնինկ Կոլտ» ընկերութենէն Tert․am–ին յայտնած են, որ զինուորականներու մէջ եղած է խնդիր, հնչած են անկանոն կրակոցներ, իսկ քանի որ աշխատակիցները կ’աշխատին սահմանին ու դիրքերուն փակած, ընկերութեան ղեկավարութիւնը որոշում կայացուցած է տարհանել աշխատակիցները։ Աշխատակիցներէն ոչ ոք տուժած է, տարհանուած է շուրջ 150 աշխատակից։

Ատրպէյճան կրակ բացած է Գեղարքունիքի հատուածի եւ Երասխի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան կրակ բացած է Գեղարքունիքի հատուածի եւ Երասխի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Աշխարհի բաժակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթարշաւը կը շարունակուի
Յաջորդ նիւթը

Աշխարհի բաժակ. Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի յաղթարշաւը կը շարունակուի

ԱնցնիլՎեր