Սուրէն Գրիգորեանի պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցուած են

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ստորագրած է Սուրէն Գրիգորեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադարած համարելու մասին արձանագրութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱԺ պաշտօնական կայքէն: «Հիմք ընդունելով պատգամաւորի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 154-րդ յօդուածի 1-ին մասի 6-րդ կէտի պահանջով՝ դադարած համարել «Իմ քայլը» կուսակցութիւնների դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով ընտրուած պատգամաւոր Սուրէն Գրիգորեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները»,- նշուած է ԱԺ նախագահի ստորագրած արձանագրութեան մէջ: Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ պատգամաւորը կը պատրաստուի առաջիկայ օրերուն պաշտօն ստանձնել ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն ներս: Մասնաւորապէս, ան պիտի նշանակուի ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի տեղակալ:
5 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Սուրէն Գրիգորեանի պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցուած են

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը ստորագրած է Սուրէն Գրիգորեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադարած համարելու մասին արձանագրութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱԺ պաշտօնական կայքէն:

«Հիմք ընդունելով պատգամաւորի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 154-րդ յօդուածի 1-ին մասի 6-րդ կէտի պահանջով՝ դադարած համարել «Իմ քայլը» կուսակցութիւնների դաշինքի համապետական ընտրական ցուցակով ընտրուած պատգամաւոր Սուրէն Գրիգորեանի՝ պատգամաւորի լիազօրութիւնները»,- նշուած է ԱԺ նախագահի ստորագրած արձանագրութեան մէջ:

Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ պատգամաւորը կը պատրաստուի առաջիկայ օրերուն պաշտօն ստանձնել ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն ներս: Մասնաւորապէս, ան պիտի նշանակուի ՀՀ արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի տեղակալ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական պիտի տայ ապրիլի վերջը. Մակունց
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարական պիտի տայ ապրիլի վերջը. Մակունց

Իտալիոյ Սան Վիթօ տեյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Իտալիոյ Սան Վիթօ տեյ Նորմաննի քաղաքը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը

ԱնցնիլՎեր