Սուքիասեաններու ընտանիքը Հայոց բանակին 100 միլիոն դրամ նուիրաբերած է եւ հանդէս եկած է կոչով

Գործարար Խաչատուր Սուքիասեանը ֆեյսպուքի իր էջին գրած է՝ «Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սիրելի ընկերներ, եղբայրներ Տեղի ունեցող լայնամաշտապ պատերազմը մեր պետականութեան եւ մեր յարատեւութեան հարցն է: Շատ կարեւոր է, որ այս ծանր ու դժուար պահուն ըլլանք պետութեան կողքին, սատար կանգնինք գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին եւ աջակցինք մեր ապագայի համար մղուող պատերազմին: Մարտի դաշտին մէջ կռիւ տուող զինուորին այս պահուն պէտք է ամուր թիկունք: Բոլորս պարտաւոր ենք ըլլալ մէկ բռունցք: Երբ մենք միասնական ենք՝ մեզի երբեք յաղթել չեն կրնար: Մեր ընտանիքը 100 միլիոն դրամ գումար կը փոխանցէ այս պահուն խաղաղութիւն պարտադրող Հայոց անպարտ բանակի կարիքներուն համար բացուած հաշուեհամարին: Պիտի յաղթենք»։ Կ’ուզենք նշել, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին մէջ ստեղծուած է առանձին հաշուեհամար, որուն կրնան բոլորը գումար փոխանցել:
27 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Սուքիասեաններու ընտանիքը Հայոց բանակին 100 միլիոն դրամ նուիրաբերած է եւ հանդէս եկած է կոչով

Գործարար Խաչատուր Սուքիասեանը ֆեյսպուքի իր էջին գրած է՝

«Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի սիրելի ընկերներ, եղբայրներ

Տեղի ունեցող լայնամաշտապ պատերազմը մեր պետականութեան եւ մեր յարատեւութեան հարցն է:

Շատ կարեւոր է, որ այս ծանր ու դժուար պահուն ըլլանք պետութեան կողքին, սատար կանգնինք գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին եւ աջակցինք մեր ապագայի համար մղուող պատերազմին:

Մարտի դաշտին մէջ կռիւ տուող զինուորին այս պահուն պէտք է ամուր թիկունք: Բոլորս պարտաւոր ենք ըլլալ մէկ բռունցք: Երբ մենք միասնական ենք՝ մեզի երբեք յաղթել չեն կրնար:

Մեր ընտանիքը 100 միլիոն դրամ գումար կը փոխանցէ այս պահուն խաղաղութիւն պարտադրող Հայոց անպարտ բանակի կարիքներուն համար բացուած հաշուեհամարին:

Պիտի յաղթենք»։

Կ’ուզենք նշել, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին մէջ ստեղծուած է առանձին հաշուեհամար, որուն կրնան բոլորը գումար փոխանցել: Գումար փոխանցելու համար այցելեցէք ԱՅՍՏԵՂ եւ կատարեցէք փոխանցում:

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան

Ճշդուած տեղեկութիւններով հակառակորդը ունի մօտ 200 մարդկային կորուստ
Յաջորդ նիւթը

Ճշդուած տեղեկութիւններով հակառակորդը ունի մօտ 200 մարդկային կորուստ

ԱնցնիլՎեր