Ստեփանակերտը կը մաքրուի թշնամիի արձակած ռումբերէն եւ հրթիռներէն

Բնակչութեան անվտանգ կենսապահովման նպատակով ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով, ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մաքրել պայթած ու չպայթած ռումբերէն եւ հրթիռներէն: Արցախի ԱԻ ՊԾ-էն կը յայտնեն, որ սակրաւորներն արդէն քանի մը թաղամասերու յարակից տարածքներուն մէջ եւ բանուկ ճանապարհներուն մօտակայքը գտնուող 300մմ Սմերչ տեսակի հրթիռները հանած եւ ոչնչացնելու նպատակով տեղափոխած են անվտանգ վայր: Աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ առաջիկայ օրերուն, իսկ կրակի ամբողջական դադարէն ետք՝ շրջաններուն մէջ:
15 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ստեփանակերտը կը մաքրուի թշնամիի արձակած ռումբերէն եւ հրթիռներէն

Բնակչութեան անվտանգ կենսապահովման նպատակով ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Կարէն Սարգսեանի յանձնարարականով, ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մաքրել պայթած ու չպայթած ռումբերէն եւ հրթիռներէն:

Արցախի ԱԻ ՊԾ-էն կը յայտնեն, որ սակրաւորներն արդէն քանի մը թաղամասերու յարակից տարածքներուն մէջ եւ բանուկ ճանապարհներուն մօտակայքը գտնուող 300մմ Սմերչ տեսակի հրթիռները հանած եւ ոչնչացնելու նպատակով տեղափոխած են անվտանգ վայր:

Աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ առաջիկայ օրերուն, իսկ կրակի ամբողջական դադարէն ետք՝ շրջաններուն մէջ:

Այս պահուն թէժ մարտեր կ'ընթանան նոյն ուղղութիւններով. Ա. Յովհաննիսեան
Նախորդ նիւթը

Այս պահուն թէժ մարտեր կ’ընթանան նոյն ուղղութիւններով. Ա. Յովհաննիսեան

Ճալալ Յարութիւնեանին շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում
Յաջորդ նիւթը

Ճալալ Յարութիւնեանին շնորհուած է զօրավար-լեյտենանտի զինուորական կոչում

ԱնցնիլՎեր