Ստեփանակերտի բնակելի տան ուղղութեամբ հակառակորդը կրակոց արձակած է, կրակոցներ եղած են նաեւ Շոշի եւ Մխիթարաշէնի ուղղութեամբ

Ստեփանակերտի մէջ բնակելի տան վրայ հակառակորդը 20 ապրիլին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն, կրակոց արձակած է: «Հետք»-ի հաղորդմամբ՝ կրակոցներ եղած են նաեւ Մխիթարաշէն եւ Շոշ գիւղերու ուղղութեամբ: Ստեփանակերտի Վ. Վաղարշեան 13/46 հասցէին վրայ գտնուող տան տանիքը ծակած է: Տան բնակիչի խօսքով` ռուս խաղաղապահներն ու ոստիկանութեան աշխատակիցներն այցելած են ընտանիքին, վերջիններս իրենց հետ տարած են նաեւ փամփուշտը: Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Շոշի գիւղապետ Էրիկ Աբրահամեանը հաստատած է տեղեկութիւնը որ երէկ` ժամը 15:00-ի սահմաններուն, երկու գիւղերուն մէջ՝ Մխիթարաշէն ու Շոշ, կրակոցներ լսուած են մօտ 15-20 վայրկեան տեւողութեամբ: Արցախի ԱԻՊԾ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը նշած է, որ Ստեփանակերտի Վաղարշեան հասցէի ուղղութեամբ արձակուած
22 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Ստեփանակերտի բնակելի տան ուղղութեամբ հակառակորդը կրակոց արձակած է, կրակոցներ եղած են նաեւ Շոշի եւ Մխիթարաշէնի ուղղութեամբ

Ստեփանակերտի մէջ բնակելի տան վրայ հակառակորդը 20 ապրիլին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն, կրակոց արձակած է:

«Հետք»-ի հաղորդմամբ՝ կրակոցներ եղած են նաեւ Մխիթարաշէն եւ Շոշ գիւղերու ուղղութեամբ:

Ստեփանակերտի Վ. Վաղարշեան 13/46 հասցէին վրայ գտնուող տան տանիքը ծակած է:

Տան բնակիչի խօսքով` ռուս խաղաղապահներն ու ոստիկանութեան աշխատակիցներն այցելած են ընտանիքին, վերջիններս իրենց հետ տարած են նաեւ փամփուշտը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Շոշի գիւղապետ Էրիկ Աբրահամեանը հաստատած է տեղեկութիւնը որ երէկ` ժամը 15:00-ի սահմաններուն, երկու գիւղերուն մէջ՝ Մխիթարաշէն ու Շոշ, կրակոցներ լսուած են մօտ 15-20 վայրկեան տեւողութեամբ:

Արցախի ԱԻՊԾ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեանը նշած է, որ Ստեփանակերտի Վաղարշեան հասցէի ուղղութեամբ արձակուած կրակոցի դէպքով կը տարուի քննութիւն, այցելած են ոստիկանութեան ու ԱԻՊԾ աշխատակիցները: Անոր խօսքով, վաղը՝ 22 ապրիլին, ոստիկանութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ:

Զոհուեցաւ առանց նահանջի. պատերազմէն աւելի քան 5 ամիս անց, գտնուած է զոհուած փոխգնդապետի աճիւնը
Նախորդ նիւթը

Զոհուեցաւ առանց նահանջի. պատերազմէն աւելի քան 5 ամիս անց, գտնուած է զոհուած փոխգնդապետի աճիւնը

«Ես հայ եմ ու գիտեմ՝ ինչ օր է Ապրիլ 24-ը». Մխիթարեան (տեսանիւթ)
Յաջորդ նիւթը

«Ես հայ եմ ու գիտեմ՝ ինչ օր է Ապրիլ 24-ը». Մխիթարեան (տեսանիւթ)

ԱնցնիլՎեր