Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ արդէն իսկ կը վաճառուին նարինջ եւ մանտարին

Ստեփանակերտ քաղաքի կեդրոնական շուկային մէջ եւ միրգ-բանջարեղէնի խանութներուն մէջ արդէն իսկ կը վաճառուին նարինջ եւ մանտարին: Աւելի վաղ մեկնարկած է ստեպղինի վաճառման գործընթացը: Այս մասին հաղորդած է Արցախի հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովը: Կը կատարուին աշխատանքներ Արցախի շրջաններուն մէջ նշուած ապրանքատեսակներու բաշխումը իրականացնելու համար: Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուած ապրանքատեսակներու առաւելագոյն իրացման գիները եւ մէկ սպառողի ձեռքբերման չափաքանակը ներկայացուած են աղիւսակին մէջ: «Սպառողներին յորդորում ենք զերծ մնալ հրապարակուած գներից աւելի բարձր գներով նշուած ապրանքատեսակները ձեռք բերելուց, իսկ նման դէպքերին առնչուելուն պէս ահազանգել գործող թէժ գծերի միջոցով»,-գրուած է յանձնաժողովի հաղորդագրութեան մէջ: Շուկային մէջ տարբեր ապրանքատեսակներու հետագայ իրացման վերաբերեալ պիտի
1 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Ստեփանակերտի խանութներուն մէջ արդէն իսկ կը վաճառուին նարինջ եւ մանտարին

Ստեփանակերտ քաղաքի կեդրոնական շուկային մէջ եւ միրգ-բանջարեղէնի խանութներուն մէջ արդէն իսկ կը վաճառուին նարինջ եւ մանտարին: Աւելի վաղ մեկնարկած է ստեպղինի վաճառման գործընթացը: Այս մասին հաղորդած է Արցախի հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովը:

Կը կատարուին աշխատանքներ Արցախի շրջաններուն մէջ նշուած ապրանքատեսակներու բաշխումը իրականացնելու համար: Արցախի Հանրապետութեան մէջ նշուած ապրանքատեսակներու առաւելագոյն իրացման գիները եւ մէկ սպառողի ձեռքբերման չափաքանակը ներկայացուած են աղիւսակին մէջ:

«Սպառողներին յորդորում ենք զերծ մնալ հրապարակուած գներից աւելի բարձր գներով նշուած ապրանքատեսակները ձեռք բերելուց, իսկ նման դէպքերին առնչուելուն պէս ահազանգել գործող թէժ գծերի միջոցով»,-գրուած է յանձնաժողովի հաղորդագրութեան մէջ:

Շուկային մէջ տարբեր ապրանքատեսակներու հետագայ իրացման վերաբերեալ պիտի տրամադրուի լրացուցիչ տեղեկատւութիւն:

Քրէական գործ յարուցուած է Գեղարքունիքի զօրամասի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհէն տուժած սպայի նկատմամբ
Նախորդ նիւթը

Քրէական գործ յարուցուած է Գեղարքունիքի զօրամասի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհէն տուժած սպայի նկատմամբ

«2022թ. սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումը չծաւալեցաւ Իրանի շնորհիւ». ՀՀ ԱԳ փոխնախարար
Յաջորդ նիւթը

«2022թ. սեպտեմբերին Ատրպէյճանի յարձակումը չծաւալեցաւ Իրանի շնորհիւ». ՀՀ ԱԳ փոխնախարար

ԱնցնիլՎեր