Սփիւռքի հայ մասնագէտները կրնան մասնակցիլ Հայաստանի կառավարման. Նոր ծրագիր

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը 2020-ին պիտի իրականացնէ փորձնական ծրագիր, որ կը նախատեսէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման տարբեր ոլորտներու բարելաւման նպատակով ներգրաւել սփիւռքահայ արհեստավարժ մասնագէտներ: Կը գրէ «Արմենբրեսը»:  ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանեսեան նշած է, որ ծրագրի նպատակն է սփիւռքի մրցունակ մասնագէտներու փորձն ու գիտելիքները ներդնել Հայաստանի զարգացման գործին, խթանել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը, նպաստել «ուղեղներու վերադարձ”ին: «Նախապէս մենք դիմած ենք պետական մարմիններուն: Իւրաքանչիւրին մէջ տարբեր մասնագէտներու կարիք կայ` տնտեսագէտ, իրաւաբան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտ, ընկերաբան եւ այլն: Երբ մենք ծրագրի մեկնարկին յայտարարութիւնը տանք, այնտեղ պիտի ըլլայ առցանց արձանագրուելու ձեւ, ուր դիմողները
20 Հունվարի 2020
9 ր. ընթերցում
Սփիւռքի հայ մասնագէտները կրնան մասնակցիլ Հայաստանի կառավարման. Նոր ծրագիր

ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը 2020-ին պիտի իրականացնէ փորձնական ծրագիր, որ կը նախատեսէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման տարբեր ոլորտներու բարելաւման նպատակով ներգրաւել սփիւռքահայ արհեստավարժ մասնագէտներ: Կը գրէ «Արմենբրեսը»:

 ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Կարէն Աւանեսեան նշած է, որ ծրագրի նպատակն է սփիւռքի մրցունակ մասնագէտներու փորձն ու գիտելիքները ներդնել Հայաստանի զարգացման գործին, խթանել Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը, նպաստել «ուղեղներու վերադարձ”ին:

«Նախապէս մենք դիմած ենք պետական մարմիններուն: Իւրաքանչիւրին մէջ տարբեր մասնագէտներու կարիք կայ` տնտեսագէտ, իրաւաբան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտ, ընկերաբան եւ այլն: Երբ մենք ծրագրի մեկնարկին յայտարարութիւնը տանք, այնտեղ պիտի ըլլայ առցանց արձանագրուելու ձեւ, ուր դիմողները պիտի ընտրեն այն աշխատավայրը, որ կը ցանկան»,-ըսաւ Կարէն Աւանեսեան:

Ծրագրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտները հիմնականօրէն պիտի հրաւիրուին եւ աշխատին Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ` ոլորտային հետազօտութիւններու, ուսումնասիրութիւններու կատարման, համապատասխան առաջնային ծրագիրներու, ռազմավարութիւններու մշակման եւ իրականացման ուղղութեամբ:  Ծրագրին կրնան դիմել սփիւռքահայ այն մասնագէտները, որոնք ունին մագիստրոսի կամ աւելի բարձր աստիճան:

Ծրագիրը պիտի մեկնարկէ 2020-ի Յուլիս 1-էն եւ պիտի տեւէ 12 ամիս: Ծրագրի իրականացման ծախսերը մասնակիցներու համար պիտի ապահովէ ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, մասնաւորապէս` օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կացարան:

«Այդ մասնագէտները պիտի վճարուին, բայց ատիկա աշխատավարձ պիտի չըլլայ, այլ` առօրեայ ծախսերու համար: Որոնք կը ցանկան իրենց մասնագիտական ներդրումը ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին, ապա սա լաւ հնարաւորութիւն է անոնց համար»,-ըսած է ան: Այս տարուան ծրագիրը փորձնական է եւ առայժմ նախատեսուած է առաւելագոյն 20 հոգիի համար:

Մասնագէտներուն ընտրելու ընթացակարգը պիտի իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլով պիտի ամփոփուին բոլոր դիմումները եւ յաջորդ փուլ պիտի անցնին միայն այն դիմումները, որոնք կը համապատասխանեն ծրագրի պահանջներուն: Երկրորդ փուլով պիտի ընտրուին ծրագրի մասնակիցները եւ անոնց վերջնական ընտրութիւնը պիտի կատարուի հարցազրոյցի միջոցով:

«Մասնակիցներէն արդէն որպէս աշխատող պիտի ընտրեն այն պետական մարմինները, որոնք ներկայացուցած են թափուր տեղեր: Այդ մասը աւելի շատ կը ձգենք գերատեսչութեան վրայ: Կը կարծեմ` լաւ հնարաւորութիւն է ոչ միայն մասնագիտական ներդրում ունենալու հայրենիքի մէջ, այլեւ մէկ տարի ապրիլ, ծանօթանալ պայմաններուն, հասկնալ` կը ցանկան այստեղ շարունակել իրենց գործունէութիւնը, թէ ոչ»,-աւելցուցած է Կարէն Աւանեսեան:

Ծրագրի վերաբերեալ յայտարարութիւնը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը պիտի տարածէ յառաջիկային:

 

Աննա Գզիրեան

Արթուր Ալեքսանեան Նիսի մրցաշարքի ոսկէ մետալակիր
Նախորդ նիւթը

Արթուր Ալեքսանեան Նիսի մրցաշարքի ոսկէ մետալակիր

Կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ բացայայտելու համար Կուտոյեանի սպանութեան ծալքերը
Յաջորդ նիւթը

Կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ բացայայտելու համար Կուտոյեանի սպանութեան ծալքերը

ԱնցնիլՎեր