Վարանդայի շրջանին մէջ յայտնաբերուած են եւս 4 զոհուած զինծառայողի աճիւն

10 Փետրուարին իրականացուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով փրկարար ջոկատներն Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ յայտնաբերած են եւս 4 զոհուած զինծառայողի աճիւն: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն: Որոնողափրկարարական աշխատանքներու ընթացքին մինչ այսօր յայտնաբերուած է ընդհանուր 1371 աճիւն: Որոնումներն այսօր 3 ջոկատով պիտի իրականացուին Հադրութի շրջանին մէջ:
11 Փետրվարի 2021
1 ր. ընթերցում
Վարանդայի շրջանին մէջ յայտնաբերուած են եւս 4 զոհուած զինծառայողի աճիւն

10 Փետրուարին իրականացուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով փրկարար ջոկատներն Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ յայտնաբերած են եւս 4 զոհուած զինծառայողի աճիւն: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու ընթացքին մինչ այսօր յայտնաբերուած է ընդհանուր 1371 աճիւն:

Որոնումներն այսօր 3 ջոկատով պիտի իրականացուին Հադրութի շրջանին մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Իրանի Այաթոլլա Խամէնիյին եւ նախագահ Ռուհանին
Նախորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Իրանի Այաթոլլա Խամէնիյին եւ նախագահ Ռուհանին

Սիւնիքի ճանապարհներուն Ատրպէյճանի զինծառայողներու, դրօշներու ու ցուցանակներու առկայութիւնը պէտք է բացառուի եւ վերջ. Թաթոյեան
Յաջորդ նիւթը

Սիւնիքի ճանապարհներուն Ատրպէյճանի զինծառայողներու, դրօշներու ու ցուցանակներու առկայութիւնը պէտք է բացառուի եւ վերջ. Թաթոյեան

ԱնցնիլՎեր