Վարչապետը կը մեկնի Մոսկուա. Ան ներկայ պիտի ըլլայ «Յաղթանակի զօրահանդէս»ին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի Մոսկուա` 24 յունիսին ներկայ գտնուելու Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը։  «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան համավարակով պայմանաւորուած՝ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը 9 մայիսին չկայացաւ` տեղափոխուելով 24 յունիս։ Յաղթանակի շքերթին  Հայաստանէն պիտի մասնակցի 1 շարասիւն, որ բաղկացած պիտի ըլլայ 75 հոգիէ: Անոնք պիտի ծածանեն Թամանեան ջոկատի մարտական եւ ՀՀ դրօշները: ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 1 յունիսին շնորհաւորած էր ՀՀ վարչապետի ծննդեան տարեդարձն ու հրաւիրած մասնակցելու շքերթին։
9 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Վարչապետը կը մեկնի Մոսկուա. Ան ներկայ պիտի ըլլայ «Յաղթանակի զօրահանդէս»ին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մեկնի Մոսկուա` 24 յունիսին ներկայ գտնուելու Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը։ 

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան համավարակով պայմանաւորուած՝ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսը 9 մայիսին չկայացաւ` տեղափոխուելով 24 յունիս։

Յաղթանակի շքերթին  Հայաստանէն պիտի մասնակցի 1 շարասիւն, որ բաղկացած պիտի ըլլայ 75 հոգիէ: Անոնք պիտի ծածանեն Թամանեան ջոկատի մարտական եւ ՀՀ դրօշները:

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը 1 յունիսին շնորհաւորած էր ՀՀ վարչապետի ծննդեան տարեդարձն ու հրաւիրած մասնակցելու շքերթին։

Համաշխարհային դրամատունէն վատ ցուցանիշներ՝ Հայաստանին
Նախորդ նիւթը

Համաշխարհային դրամատունէն վատ ցուցանիշներ՝ Հայաստանին

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 14 103-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 14 103-ի

ԱնցնիլՎեր