Վարչապետը միջնորդած է յետմահու պարգեւատրել զոհուած 4 զինծառայողները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջնորդութիւն ստորագրած է նախագահ Սարգսեանին՝ զոհուած զինծառայողները յետմահու պարգեւատրելու համար։ Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի ֆէյսպուքեան էջէն: Գրառման մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝ «Այս պահուն ստորագրեցի՝ Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի հատուածի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած՝ քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանը «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, հրամանատար Սոս Էլբակեանը Արիութեան մետալով, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը Մարտական ծառայութեան մետալներով յետմահու պարգեւատրելու վերաբերեալ Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած միջնորդութիւնը: Կը խոնարհիմ Ձեր եւ Ձեր ընտանիքներուն առաջ՝ նահատակուած եղբայրներ: Մենք պէ՛տք է կարենանք արժանի ըլլալ Ձեզի եւ Ձեր սխրանքին: Եւ պիտի ըլլա՛նք: Կեցցէ՛ Հայոց յաղթական բանակը»:
15 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Վարչապետը միջնորդած է յետմահու պարգեւատրել զոհուած 4 զինծառայողները

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջնորդութիւն ստորագրած է նախագահ Սարգսեանին՝ զոհուած զինծառայողները յետմահու պարգեւատրելու համար։ Այս մասին կը տեղեկանանք վարչապետի ֆէյսպուքեան էջէն:

Գրառման մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝

«Այս պահուն ստորագրեցի՝ Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի հատուածի պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած՝ քսանապետ Գարուշ Համբարձումեանը «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, հրամանատար Սոս Էլբակեանը Արիութեան մետալով, կրտսեր տասնապետեր Սմբատ Գաբրիէլեանն ու Գրիշա Մաթեւոսեանը Մարտական ծառայութեան մետալներով յետմահու պարգեւատրելու վերաբերեալ Հանրապետութեան նախագահին ուղղուած միջնորդութիւնը:

Կը խոնարհիմ Ձեր եւ Ձեր ընտանիքներուն առաջ՝ նահատակուած եղբայրներ: Մենք պէ՛տք է կարենանք արժանի ըլլալ Ձեզի եւ Ձեր սխրանքին: Եւ պիտի ըլլա՛նք:

Կեցցէ՛ Հայոց յաղթական բանակը»:

Իրականացուող գործողութիւններուն պարտադիր ժամկէտային ոչ մէկ զինծառայող ներգրաւուած է. Մովսէս Յակոբեան
Նախորդ նիւթը

Իրականացուող գործողութիւններուն պարտադիր ժամկէտային ոչ մէկ զինծառայող ներգրաւուած է. Մովսէս Յակոբեան

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 33 005-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 33 005-ի

ԱնցնիլՎեր