Վարչապետ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն: «Այսօր անվտանգութեան խորհրդի ընդլայնուած կազմով անցկացնում ենք խորհրդակցութիւն, առաջիկայում նման խորհրդակցութիւններ աւելի յաճախ պէտք է անենք, որպէսզի մեր գործողութիւնները լինեն համադրուած»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ շարք մը ուղղութիւններով տարբեր գերատեսչութիւններու մէջ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ: Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է խորհրդակցութեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մասնակցութիւնը՝ տեղեկատւութեան փոխանակման, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով հետագայ ընելիքներու ծրագրման ծիրէն ներս: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ այսօր պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցերը, որոնք այս պահուն կան օրակարգի վրայ:   
22 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն:

«Այսօր անվտանգութեան խորհրդի ընդլայնուած կազմով անցկացնում ենք խորհրդակցութիւն, առաջիկայում նման խորհրդակցութիւններ աւելի յաճախ պէտք է անենք, որպէսզի մեր գործողութիւնները լինեն համադրուած»,- ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ շարք մը ուղղութիւններով տարբեր գերատեսչութիւններու մէջ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է խորհրդակցութեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մասնակցութիւնը՝ տեղեկատւութեան փոխանակման, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով հետագայ ընելիքներու ծրագրման ծիրէն ներս:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ այսօր պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցերը, որոնք այս պահուն կան օրակարգի վրայ:   

Երկրաշարժ Նախիջեւանի մօտ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Վայոց Ձորի ու Սիւնիքի մարզերուն մէջ
Նախորդ նիւթը

Երկրաշարժ Նախիջեւանի մօտ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Վայոց Ձորի ու Սիւնիքի մարզերուն մէջ

Արայիկ Յարութիւնեանն ընդունած է ՀՀ-էն ժամանած խումբ մը բժիշկ-փորձագէտներ
Յաջորդ նիւթը

Արայիկ Յարութիւնեանն ընդունած է ՀՀ-էն ժամանած խումբ մը բժիշկ-փորձագէտներ

ԱնցնիլՎեր