Վարչապետ Փաշինեանն աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մարտ 8-9-ը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ այցի ծիրէն ներս վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այնուհետեւ երկու երկիրներու առաջնորդները Փարիզի մէջ պիտի մասնակցին «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրով համաժողովին: Միջոցառման ընթացքին Հայաստանի ու Ֆրանսայի կառավարութիւններու անդամները պիտի քննարկեն տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացմանն ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենան վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Մաքրոնը: Յիշեցնենք՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով  Ֆրանսայի նախագահը ուղերձ յղած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ան նշած էր, որ ուրախ պիտի ըլլայ այս առիթով ընդունելու Փաշինեանը Փարիզի մէջ` նշելու երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը:
8 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեանն աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Մարտ 8-9-ը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ֆրանսայի Հանրապետութիւն:

ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ այցի ծիրէն ներս վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այնուհետեւ երկու երկիրներու առաջնորդները Փարիզի մէջ պիտի մասնակցին «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրով համաժողովին:

Միջոցառման ընթացքին Հայաստանի ու Ֆրանսայի կառավարութիւններու անդամները պիտի քննարկեն տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացմանն ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենան վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Մաքրոնը:

Յիշեցնենք՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով  Ֆրանսայի նախագահը ուղերձ յղած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ան նշած էր, որ ուրախ պիտի ըլլայ այս առիթով ընդունելու Փաշինեանը Փարիզի մէջ` նշելու երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը:

Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին. ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին. ԱԳՆ

Օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած գործակալական ցանցի բացայայտում
Յաջորդ նիւթը

Օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած գործակալական ցանցի բացայայտում

ԱնցնիլՎեր