Վարչապետ Փաշինեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը

25 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան ՀՀ ԱԺ շրջափակին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան մետալ» ՀՀ պետական պարգեւով: ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՌԱԿ հիմնադրութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանին յանձնեց իր միջնորդութեան հիմքով ՀՀ նախագահի կողմէ հաստատուած Երախտագիտութեան մետալը՝ Երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար: Հանդիսութեան ելոյթ ունենալով, ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Ընկ. Խարապեանը «Երախտագիտութեան մետալ»ի արժանանալու առիթով, եւ յայտարարեց, որ մետալը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կատարած աշխատանքի գնհատանքն է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ նախագահական կայքին մէջ հրապարակուած հրամանագրին գրութիւնը, որուն մէջ ըսուած է. «Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ
5 Հուլիսի 2022
4 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը

25 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան ՀՀ ԱԺ շրջափակին մէջ պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան մետալ» ՀՀ պետական պարգեւով:

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՌԱԿ հիմնադրութեան 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանին յանձնեց իր միջնորդութեան հիմքով ՀՀ նախագահի կողմէ հաստատուած Երախտագիտութեան մետալը՝ Երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար:

Հանդիսութեան ելոյթ ունենալով, ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Ընկ. Խարապեանը «Երախտագիտութեան մետալ»ի արժանանալու առիթով, եւ յայտարարեց, որ մետալը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կատարած աշխատանքի գնհատանքն է Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՀ նախագահական կայքին մէջ հրապարակուած հրամանագրին գրութիւնը, որուն մէջ ըսուած է.

«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասի՝ Երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Նուպարի ԽԱՐԱՊԵԱՆԻՆ պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով»:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Պաշտօնական հանդիսութեամբ ՀՀ ԱԺ բակին մէջ տօնեց իր հիմնադրման 100 -ամեակը
Նախորդ նիւթը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Պաշտօնական հանդիսութեամբ ՀՀ ԱԺ բակին մէջ տօնեց իր հիմնադրման 100 -ամեակը

Երեք կուսակցութեանց վերին մարմիններու ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 27-ամեակը
Յաջորդ նիւթը

Երեք կուսակցութեանց վերին մարմիններու ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 27-ամեակը

ԱնցնիլՎեր