Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն, այդ շարքին՝ դիւանագիտական ասպարէզի մէջ, ինչպէս նաեւ պատասխանած է շարք մը հարցերու: Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկութիւնները հակառակորդի դէմ պայքարի եւ հետագայ քայլերու ուղղութեամբ: Զրուցակիցները ողջունած են նման ձեւաչափով միտքերու փոխանակութիւնը: Նշուած է, որ կախուած իրավիճակէն՝ նմանատիպ հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ:
12 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, կառավարութեան քայլերուն եւ գործողութիւններուն, այդ շարքին՝ դիւանագիտական ասպարէզի մէջ, ինչպէս նաեւ պատասխանած է շարք մը հարցերու:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկութիւնները հակառակորդի դէմ պայքարի եւ հետագայ քայլերու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները ողջունած են նման ձեւաչափով միտքերու փոխանակութիւնը: Նշուած է, որ կախուած իրավիճակէն՝ նմանատիպ հանդիպումները կրնան կրել շարունակական բնոյթ:

Արցախեան պատերազմին աւելի օրհասական պահեր եղած են, բայց յաղթեր ենք ու պիտի յաղթենք. Ա․ Յովհաննիսեան
Նախորդ նիւթը

Արցախեան պատերազմին աւելի օրհասական պահեր եղած են, բայց յաղթեր ենք ու պիտի յաղթենք. Ա․ Յովհաննիսեան

Սահմանադրական դատարանը նոր նախագահ ունի
Յաջորդ նիւթը

Սահմանադրական դատարանը նոր նախագահ ունի

ԱնցնիլՎեր