Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

Տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած է Կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ապրիլ 6-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներու մասին: Զրուցակիցները կարեւորած են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկի մասին պայմանաւորուածութիւնները: Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիարժէք աջակցիլ նշուած գործընթացներուն: Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման: Վարչապետ Փաշինեան արտայայտած է հայկական կողմի ակնկալիքը, որ ռուս խաղաղապահները յստակ միջոցներ ձեռնարկեն ներխուժած ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրս ելլելը ապահովելու
12 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

Տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին յայտնած է Կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան ՌԴ նախագահին տեղեկացուցած է Ապրիլ 6-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքներու մասին:

Զրուցակիցները կարեւորած են Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ սահմանազատման աշխատանքներու մեկնարկի մասին պայմանաւորուածութիւնները: Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է լիարժէք աջակցիլ նշուած գործընթացներուն:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժման: Վարչապետ Փաշինեան արտայայտած է հայկական կողմի ակնկալիքը, որ ռուս խաղաղապահները յստակ միջոցներ ձեռնարկեն ներխուժած ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու դուրս ելլելը ապահովելու համար:

ՀՀ վարչապետը եւ ՌԴ նախագահը անդրադարձած են նաեւ երկու երկիրներու տնտեսական փոխգործակցութեան հարցերուն ու պայմանաւորուած, որ նաեւ այս հարցերը մանրամասնօրէն պիտի քննարկեն Ապրիլ 19-ին Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՌԴ կատարելիք պաշտօնական այցի ընթացքին: 

«Մարտի 1»ի գործով Փաշինեանն արդարացուեցաւ
Նախորդ նիւթը

«Մարտի 1»ի գործով Փաշինեանն արդարացուեցաւ

Ռուս խաղաղապահները կը գտնուին Փառուխի եւ Քարագլխի մէջ. Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահները կը գտնուին Փառուխի եւ Քարագլխի մէջ. Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր