Վլատիմիր Կարապետեանն ազատուած է վարչապետի մամուլի քարտուղարի պաշտօնէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը գրառում ըրած է՝ տեղեկացնելով, որ կը ձգէ այդ պաշտօնը։ «Այսօրուընէ այլեւս չեմ կատարեր վարչապետի մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները։ Վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակին մէջ աշխատելու այս մէկ տարին գերազանց փորձ էր: Ինչպէս խոստացած էի նշանակումէս առաջ՝ գործս կատարած եմ սիրով ու նուիրումով։ Շնորհակալ եմ»,- գրած է Կարապետեանը։ Վարչապետի համապատասխան որոշումը հրապարակուած է egov.am կայքին մէջ․ «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով, Վլատիմիր Կարապետեանին ազատել վարչապետի մամուլի քարտուղարի պաշտօնէն»։
9 Հունվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Վլատիմիր Կարապետեանն ազատուած է վարչապետի մամուլի քարտուղարի պաշտօնէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեանը գրառում ըրած է՝ տեղեկացնելով, որ կը ձգէ այդ պաշտօնը։

«Այսօրուընէ այլեւս չեմ կատարեր վարչապետի մամուլի քարտուղարի պարտականութիւնները։ Վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակին մէջ աշխատելու այս մէկ տարին գերազանց փորձ էր: Ինչպէս խոստացած էի նշանակումէս առաջ՝ գործս կատարած եմ սիրով ու նուիրումով։ Շնորհակալ եմ»,- գրած է Կարապետեանը։

Վարչապետի համապատասխան որոշումը հրապարակուած է egov.am կայքին մէջ․ «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով,

Վլատիմիր Կարապետեանին ազատել վարչապետի մամուլի քարտուղարի պաշտօնէն»։

Նախարար Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի մէջ գրանցուած արկածին առթիւ
Նախորդ նիւթը

Նախարար Մնացականեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի մէջ գրանցուած արկածին առթիւ

Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը՝ 2 965 300. ամենացած թիւը 1990-էն ի վեր
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը՝ 2 965 300. ամենացած թիւը 1990-էն ի վեր

ԱնցնիլՎեր