Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

Վլատիմիր Փութինը երկարատեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Այդ մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլի պաշտօնական կայքէջը։  Քննարկուած են երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ արդիական հարցեր, այդ շարքին՝ «Քորոնա» ժահային վարակի տարածման դէմ պայքարը։ Դիտարկուած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Ռուսաստանը, ինչպէս նշած է Վլատիմիր Փութինը, պիտի շարունակէ քայլեր ձեռնարկել իրավիճակը կայունացնելու եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն իրականացնելու համար։
16 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը քննարկած են ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

Վլատիմիր Փութինը երկարատեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։

Այդ մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլի պաշտօնական կայքէջը։ 

Քննարկուած են երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ արդիական հարցեր, այդ շարքին՝ «Քորոնա» ժահային վարակի տարածման դէմ պայքարը։ Դիտարկուած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Ռուսաստանը, ինչպէս նշած է Վլատիմիր Փութինը, պիտի շարունակէ քայլեր ձեռնարկել իրավիճակը կայունացնելու եւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն իրականացնելու համար։

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը
Նախորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը

ՄԵ՛ՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յաջորդ նիւթը

ՄԵ՛ՐԸ ՊԱՀԵՆՔ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱնցնիլՎեր