Փաշինեանի հասցէին եղած դաւաճանութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են. Փութին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը խոստովանած է, որ չէ հասկցած՝ ինչու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած է խաղաղ փախստականները Շուշի քաղաք վերադարձնելու Ատրպէյճանի պայմանին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: Փութինի խօսքով՝ Շուշիի հարցը ծագած էր այդ հակամարտութեան, այդ ճգնաժամի ընթացքին: «19-20 Հոկտեմբերին ես հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ ինչպէս նախագահ Ալիեւի, այնպէս ալ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Այդ ժամանակ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը վերահսկողութիւն սահմանած էին Ղարաբաղի հարաւային մասի շարք մը տարածքներուն վրայ,-պատմած է Ռուսաստանի նախագահը:-Ընդհանուր առմամբ, ես յաջողած էի համոզել նախագահ Ալիեւը, որ կարելի է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները, սակայն անոր կողմէ պարտադիր պայման էր փախստականներու վերադարձը, այդ շարքին՝ քաղաք Շուշի»: «Ինծի համար անսպասելիօրէն մեր հայ գործընկերներու
18 Նոյեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Փաշինեանի հասցէին եղած դաւաճանութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են. Փութին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը խոստովանած է, որ չէ հասկցած՝ ինչու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած է խաղաղ փախստականները Շուշի քաղաք վերադարձնելու Ատրպէյճանի պայմանին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Փութինի խօսքով՝ Շուշիի հարցը ծագած էր այդ հակամարտութեան, այդ ճգնաժամի ընթացքին: «19-20 Հոկտեմբերին ես հեռախօսազրոյցներ ունեցած եմ ինչպէս նախագահ Ալիեւի, այնպէս ալ վարչապետ Փաշինեանի հետ: Այդ ժամանակ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը վերահսկողութիւն սահմանած էին Ղարաբաղի հարաւային մասի շարք մը տարածքներուն վրայ,-պատմած է Ռուսաստանի նախագահը:-Ընդհանուր առմամբ, ես յաջողած էի համոզել նախագահ Ալիեւը, որ կարելի է դադրեցնել մարտական գործողութիւնները, սակայն անոր կողմէ պարտադիր պայման էր փախստականներու վերադարձը, այդ շարքին՝ քաղաք Շուշի»:

«Ինծի համար անսպասելիօրէն մեր հայ գործընկերներու դիրքորոշումը ձեւակերպուած էր այնպէս, որ այդ իրենց համար անընդունել էր, եւ վարչապետ Փաշինեանը ըսաւ, որ ատոր մէջ սպառնալիք կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի համար: Ինծի համար այժմ նոյնպէս անհասկնալի է՝ ինչն էր այդ սպառնալիքը՝ նկատի ունենալով, որ կ’ենթադրուէր խաղաղ քաղաքացիներու վերադարձը, երբ պէտք է հայկական կողմը հսկողութիւն սահմաներ Ղարաբաղի տուեալ տարածքին մէջ, ներառեալ՝ Շուշիի, եւ նկատի չունենալով մեր խաղաղապահներու ներկայութիւնը»,-նշած է Փութինը: «Ինծի վարչապետն այդ ժամանակ ըսած էր. «Ոչ, չենք կրնար այդ ընդունիլ, մենք կը պայքարինք, կը պատերազմինք»: Այդ պատճառով անոր հասցէին եղած ինչ-որ դաւաճանութեան մասին յայտարարութիւնները անհիմն են,-համոզուած է Փութինը: «Խնդիրը այլ է՝ ճիշդ էր, թէ սխալ, բայց այդ հարցով խօսք նոյնիսկ չէր կրնար ըլլալ ինչ-որ դաւաճանութեան մասին»,-համոզուած է ՌԴ նախագահը:

Ընտանիքս Ստեփանակերտ վերադարձաւ. Մեծ փորձութենէն ետք Արցախը պիտի ապրի. Արայիկ Յարութիւնեան
Նախորդ նիւթը

Ընտանիքս Ստեփանակերտ վերադարձաւ. Մեծ փորձութենէն ետք Արցախը պիտի ապրի. Արայիկ Յարութիւնեան

Սերժ Սարգսեանի կինը՝ Ռիթա Սարգսեանը տեղափոխած են արտերկիր՝ բուժման
Յաջորդ նիւթը

Սերժ Սարգսեանի կինը՝ Ռիթա Սարգսեանը տեղափոխած են արտերկիր՝ բուժման

ԱնցնիլՎեր