Փաշինեան զանգած է Էրտողանին. Թուրքիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։ «Վարչապետը ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն է յայտնել Թուրքիայի նախագահին եւ ժողովրդին՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններում տեղի ունեցած hուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի կապակցութեամբ: Փաշինեանը շուտափոյթ ապաքինում է մաղթել բոլոր վիրաւորներին եւ յաւելել, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանից թռիչքի է պատրաստւում Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ուժերին աղէտի գօտի տեղափոխող ինքնաթիռը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Էրտողան ՀՀ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակցութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ երկխօսութեան խորացման տեսանկիւնէ:
7 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Փաշինեան զանգած է Էրտողանին. Թուրքիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է անոր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Վարչապետը ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն է յայտնել Թուրքիայի նախագահին եւ ժողովրդին՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններում տեղի ունեցած hուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի կապակցութեամբ: Փաշինեանը շուտափոյթ ապաքինում է մաղթել բոլոր վիրաւորներին եւ յաւելել, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանից թռիչքի է պատրաստւում Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ուժերին աղէտի գօտի տեղափոխող ինքնաթիռը»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Էրտողան ՀՀ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակցութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ երկխօսութեան խորացման տեսանկիւնէ:

Տիգրանակերտցի հայ երգչուհին եւ անոր ամուսինը եւս փլատակներու տակ մնացած են
Նախորդ նիւթը

Տիգրանակերտցի հայ երգչուհին եւ անոր ամուսինը եւս փլատակներու տակ մնացած են

Կայացած է Փաշինեան-Ասատ հեռախօսազրոյց
Յաջորդ նիւթը

Կայացած է Փաշինեան-Ասատ հեռախօսազրոյց

ԱնցնիլՎեր