Փաշինեան Շառլ Միշելին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն առանձնազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։ Այս ամսին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն: Զրուցակիցներն անդրադարձեած են այսօր նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպմանը եւ կարեւորած երկխօսութեան շարունակականութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրներն ու ընդգծած է միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը: ՀՀ վարչապետը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքի վերաբերեալ: Կողմերը յոյս յայտնած են, որ այսօրուան եռակողմ բանակցութիւնները կ’ըլլան արդիւնաւէտ, որ կը նպաստէ կայունութեանն ու խնդիրներու
6 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
Փաշինեան Շառլ Միշելին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն առանձնազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։

Այս ամսին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութենէն:

Զրուցակիցներն անդրադարձեած են այսօր նախատեսուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպմանը եւ կարեւորած երկխօսութեան շարունակականութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու վերջին գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրներն ու ընդգծած է միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ վարչապետը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 14-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքի վերաբերեալ:

Կողմերը յոյս յայտնած են, որ այսօրուան եռակողմ բանակցութիւնները կ’ըլլան արդիւնաւէտ, որ կը նպաստէ կայունութեանն ու խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը քննարկած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս, ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2.6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի իրագործման ընթացքը:

Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի շախմատիստը
Նախորդ նիւթը

Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի շախմատիստը

Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի, Շառլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը
Յաջորդ նիւթը

Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի, Շառլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը

ԱնցնիլՎեր