Քիմ Քարտաշեանը կոչ ըրած է հետեւորդներուն աջակցելու Հայաստանի փոքր ձեռնարկութիւններուն

Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians իրապատում շոուի (ցոյցքի) հայազգի աստղ, նորաթուխ միլիառատիրուհի Քիմ Քարտաշեանը իր թուիթըրեան էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման` նուիրատւութիւն կատարելով Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին: «Դիտարկեցէք Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին նուիրատւութեան հնարաւորութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման համար»,-գրած է Քարտաշեան` կից հրապարակելով Երեւանի համայնապատկերի լուսանկարը: Յայտնի է, որ Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամը «Փարոս» հիմնադրամի հետ համատեղ Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն սկսած է:    
7 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Քիմ Քարտաշեանը կոչ ըրած է հետեւորդներուն աջակցելու Հայաստանի փոքր ձեռնարկութիւններուն

Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians իրապատում շոուի (ցոյցքի) հայազգի աստղ, նորաթուխ միլիառատիրուհի Քիմ Քարտաշեանը իր թուիթըրեան էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման` նուիրատւութիւն կատարելով Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին:

«Դիտարկեցէք Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին նուիրատւութեան հնարաւորութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման համար»,-գրած է Քարտաշեան` կից հրապարակելով Երեւանի համայնապատկերի լուսանկարը:

Յայտնի է, որ Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամը «Փարոս» հիմնադրամի հետ համատեղ Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն սկսած է:

 

Изображение

 

Առաջին քայլեր. Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակը արտաբերած է «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը
Նախորդ նիւթը

Առաջին քայլեր. Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակը արտաբերած է «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը

Սպիտակ տունը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ժխտողական քաղաքականութենէն տասնամեակներ անց թէեւ ոչ կանխամտածուած, բայց արտաբերեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը․ The Washington Post
Յաջորդ նիւթը

Սպիտակ տունը Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ժխտողական քաղաքականութենէն տասնամեակներ անց թէեւ ոչ կանխամտածուած, բայց արտաբերեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը․ The Washington Post

ԱնցնիլՎեր