Քոնկրէսական Ատամ Շիֆը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին պատժելու Պաքուն՝ հայ ռազմագերիներու սպանութեան համար

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ է, անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու կտտանքներուն եւ անոնցմէ 19-ի սպանութեան՝ բարձրաձայնելով Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտման փաստերը: «Մինչ մենք կ’աշխատինք մնացած ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման հասնելու ուղղութեամբ, ԱՄՆ-ն պէտք է կոշտ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը եւ բոլոր անոնք, որոնք կատարած են այս յանցագործութիւնները, եւ դադարեցնէ քաղաքականութիւնը, որ թոյլ տուած է, որ ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը հասնի Պաքուի ռեժիմին: Մենք չենք կրնար նստիլ ձեռքերնիս ծալած, երբ յանցագործութիւններ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ: Սիրտս կը ցաւի 19 տղամարդոց եւ կանանց համար, անոնց սիրելիներու եւ ողջ
5 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Քոնկրէսական Ատամ Շիֆը կոչ ըրած է ԱՄՆ-ին պատժելու Պաքուն՝ հայ ռազմագերիներու սպանութեան համար

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ է, անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու կտտանքներուն եւ անոնցմէ 19-ի սպանութեան՝ բարձրաձայնելով Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտման փաստերը:

«Մինչ մենք կ’աշխատինք մնացած ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման հասնելու ուղղութեամբ, ԱՄՆ-ն պէտք է կոշտ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը եւ բոլոր անոնք, որոնք կատարած են այս յանցագործութիւնները, եւ դադարեցնէ քաղաքականութիւնը, որ թոյլ տուած է, որ ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը հասնի Պաքուի ռեժիմին: Մենք չենք կրնար նստիլ ձեռքերնիս ծալած, երբ յանցագործութիւններ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ:

Սիրտս կը ցաւի 19 տղամարդոց եւ կանանց համար, անոնց սիրելիներու եւ ողջ հայկական համայնքի համար: Ես մշտապէս կանգնած եմ անոնց կողքին՝ շարունակելով պայքարիլ Արցախի անկախութեան եւ խաղաղութեան համար»,- իր դիմատետրեան էջին գրած է քոնկրէսականը:

Այսօր Հայաստան պիտի ժամանէ Սերկէյ Լաւրովը. պիտի քննարկեն գերիներու հարցը
Նախորդ նիւթը

Այսօր Հայաստան պիտի ժամանէ Սերկէյ Լաւրովը. պիտի քննարկեն գերիներու հարցը

Ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Մեծ Թաղեր գիւղի հայկական գերեզմանատունը
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Մեծ Թաղեր գիւղի հայկական գերեզմանատունը

ԱնցնիլՎեր