Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխելու նպատակով Հայաստանին օգնութիւն պիտի տրամադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Եւրոպական միութեան կողմէ, մամուլի ասուլիսին ժամանակ ըսաւ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ատոնց։
«ԱՄՆ-ն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 1.1 մլն ԱՄՆ տոլարի օգնութիւն։ ԵՄ-ն 140 մլն եւրօ գումար պիտի տրամադրէ արեւելեան 6 գործընկերներուն, որոնք պիտի բաշխուին երկիրներու միջեւ։ Այդ 140 միլիոնէն 30 միլիոնն ԱՀԿ-ի (Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն) միջոցով պիտի ուղղուի համապատասխան առողջապահական սարքաւորումներ ձեռք բերելուն, 100 միլիոնը պիտի ուղղուի ՓՄՁ-ներուն (Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան) աջակցելուն, եւ 10 միլիոնը՝ ՀԿ-ներուն՝ (հասարակական կազմակերպութիւններ) COVID-19-ի դէմ պայքարի համար։ Օրեր առաջ Զոհրապ Մնացականեանը նամակ ստացած է Չինաստանի իր գործընկերոջէն, ուր Չինաստանի կառավարութիւնն իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ՀՀ-ին աջակցութիւն ցուցաբերելու առումով»,- յայտնեց Ատոնցը։