«Քորոնա»ով վարակուած քաղաքացին Արցախէն փոխադրուած է Երեւան

«Քորոնա» ժահրով վարակուած Արցախի բնակիչին տեղափոխած են Երեւան։ Այս մասին 7 ապրիլին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղիրեանը։ Անոր խօսքերով՝ այդպիսի որոշում կայացուած է Հայաստանէն գործընկերներու հետ խորհրդակցութեան հետեւանքով, քանի որ քաղաքացին կը գտնուի վտանգի գօտիի մէջ, հաշուի առնելով այն, որ ան 60 տարեկան է։ «Որեւէ բողոք կամ ախտանիշ ան չունի»,- աւելցուցած է նախարարը։ Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացին Արտաշատէն ժամանած է Արցախ։
8 Ապրիլի 2020
1 ր. ընթերցում
«Քորոնա»ով վարակուած քաղաքացին Արցախէն փոխադրուած է Երեւան

«Քորոնա» ժահրով վարակուած Արցախի բնակիչին տեղափոխած են Երեւան։ Այս մասին 7 ապրիլին մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արցախի առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղիրեանը։

Անոր խօսքերով՝ այդպիսի որոշում կայացուած է Հայաստանէն գործընկերներու հետ խորհրդակցութեան հետեւանքով, քանի որ քաղաքացին կը գտնուի վտանգի գօտիի մէջ, հաշուի առնելով այն, որ ան 60 տարեկան է։ «Որեւէ բողոք կամ ախտանիշ ան չունի»,- աւելցուցած է նախարարը։

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած քաղաքացին Արտաշատէն ժամանած է Արցախ։

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացածներու թիւը գերազանցած է 80 000-ը, վարակուածներունը՝ 1․4 միլիոնը. Worldometers
Նախորդ նիւթը

Աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով մահացածներու թիւը գերազանցած է 80 000-ը, վարակուածներունը՝ 1․4 միլիոնը. Worldometers

Հայաստան բերուած է COVID-19 ախտորոշող շարժական տարրալուծարան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան բերուած է COVID-19 ախտորոշող շարժական տարրալուծարան

ԱնցնիլՎեր