Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական ԱԹՍ արտադրողներուն

Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական անօդաչու թռչող սարքեր արտադրողներուն, երբ իմացեր է, որ իր արտադրանքը օգտագործուած է ռազմական ԱԹՍ-ներու մէջ, որոնք կը կիրառուին Արցախի մէջ: Ընկերութեան արտադրանքը կը նախագծուի Ֆրանսայի մէջ` քաղաքացիական նշանակութեան օդանաւերու համար: Beringer aero -ն կը զբաղուի օդանաւերու համար անիւներու, արգելակման համակարգերու արտադրութեամբ: Անոնք կը վաճառուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ հիմնաչափ (սթանտարտ) են բոլոր փոխադրային միջոցներուն համար, ներառեալ անօդաչու սարքերուն: Յիշեցնենք, որ 5 նոյեմբերին ալ ամերիկեան Garmin արհեստագիտական ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւններ սկսած է պարզելու, թէ ինչպէս իր արտադրանքը յայտնուած է թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ։ Իսկ աւելի վաղ աւստրիական եւ գանատական ընկերութիւնները յայտարարած էին
6 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական ԱԹՍ արտադրողներուն

Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական անօդաչու թռչող սարքեր արտադրողներուն, երբ իմացեր է, որ իր արտադրանքը օգտագործուած է ռազմական ԱԹՍ-ներու մէջ, որոնք կը կիրառուին Արցախի մէջ:

Ընկերութեան արտադրանքը կը նախագծուի Ֆրանսայի մէջ` քաղաքացիական նշանակութեան օդանաւերու համար: Beringer aero -ն կը զբաղուի օդանաւերու համար անիւներու, արգելակման համակարգերու արտադրութեամբ: Անոնք կը վաճառուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ հիմնաչափ (սթանտարտ) են բոլոր փոխադրային միջոցներուն համար, ներառեալ անօդաչու սարքերուն:

Յիշեցնենք, որ 5 նոյեմբերին ալ ամերիկեան Garmin արհեստագիտական ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւններ սկսած է պարզելու, թէ ինչպէս իր արտադրանքը յայտնուած է թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ։ Իսկ աւելի վաղ աւստրիական եւ գանատական ընկերութիւնները յայտարարած էին թրքական «Պայրաքտար»ին մասեր մատակարարելը դադրեցնելու մասին։

Մեր ջոկատը պատրաստ է մարտական առաջադրանքի կատարման. Աննա Յակոբեան
Նախորդ նիւթը

Մեր ջոկատը պատրաստ է մարտական առաջադրանքի կատարման. Աննա Յակոբեան

Ճակատային գիծի հիմնական ուղղութիւններով մարտերը շարունակուած են. յամառ մարտեր ընթացած են Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Ճակատային գիծի հիմնական ուղղութիւններով մարտերը շարունակուած են. յամառ մարտեր ընթացած են Շուշի-Քարին տակ հատուածին մէջ

ԱնցնիլՎեր