Սփիւռք— Էջ 22

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Սիտնիի մէջ
7 Մայիսի 2023

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Սիտնիի մէջ

Բարձր հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բարձր․ Տէր Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի, Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար…
Լոզանի 100-Ամեակին Ընդառաջ՝ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի Մէջ
26 Ապրիլի 2023

Լոզանի 100-Ամեակին Ընդառաջ՝ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի Մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, 22-24 Ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին…
Աղօթք եւ հոգեհանգիստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին (Լուսանկարներ)

Աղօթք եւ հոգեհանգիստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին (Լուսանկարներ)

Լիբանանի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին: «Ռամկավար Մամուլ» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին մէջ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ ընկ.…
3 Սեպտեմբերի 2020
24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ’անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։ «Անոնք այսօրուընէ կը մեկնարկեն: Առաջին փուլով…
2 Սեպտեմբերի 2020
Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպանները յարգանքի տուրք մատուցած են Կոմիտաս վարդապետի պղծուած արձանի մօտ

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպանները յարգանքի տուրք մատուցած են Կոմիտաս վարդապետի պղծուած արձանի մօտ

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը Փարիզի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ Կոմիտաս…
1 Սեպտեմբերի 2020
Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում

Բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում

Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու եւ երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքի համար հալէպահայ բժիշկ Յակոբ (Հրայր) Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում: Սրտաբան…
27 Օգոստոսի 2020
Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ

Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական…
25 Օգոստոսի 2020
Պուլկարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին կը նշէ կառուցման 400-ամեակը

Պուլկարիոյ ամենահին հայկական եկեղեցին կը նշէ կառուցման 400-ամեակը

Պուլկարիոյ Սիլիստրա քաղաքի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին 400 տարեկան է: «Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ Պուլկարիոյ լրատուական գործակալութիւնը: Սուրբ Աստուածածինը Պուլկարիոյ ամենահին հայկական…
25 Օգոստոսի 2020
ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի

Այսու կը ծանուցենք, որ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, օժանդակ յանձնախումբի մը աջակցութեամբ, արդէն իսկ ձեռնարկած է մեր հայրենակիցներու բնակարաններուն ու հաստատութիւններուն մէջ գոյացած վնասները ստուգելու…
22 Օգոստոսի 2020
We Call On the Community to Aid Our Armenian Compatriots In Lebanon

ԿՈՉ ԿԸ ՈՒՂՂԵՆՔ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ՝ ՕԳՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱՅ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ։ Լիբանանի մէջ գտնուող մեր հայ եղբայրներուն օգնութեան կոչ կ’ուղղենք համայնքին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղետալի պայթիւնէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը որոշեց հրատապ ջանքեր գործադրել՝ դրամահաւաքի միջոցով օգնութիւն հասցնելու Լիբանանի մէջ գտնուող մեր համայնքի աւերուած ընտանիքներուն, համայնքներուն եւ ժողովուրդին։ ՀԻՄԱ ՆՈՒԻՐԵՔ։ Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին միացեալ մարմնի մը, որ կը գործէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանիին ներքեւ, եւ որ կազմուած է Լիբանանահայ համայնքի բոլոր առաջնորդ կրօնական, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններէն։ Գումարը պիտի բաշխուի հազարաւորներու, որոնք անհապաղ կարիք ունին առօրեայ պիտոյից, սնունդի, ապաստանի եւ բժշկական խնամքի։ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը կը կոչ ընէ բոլորին՝ ոտքի ելլել եւ միասնաբար կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն կողքին՝ Լիբանանի մէջ, երկիր մը որ ապաստան, օգնութիւն եւ խաղաղ տուն ապահովեց մեր ծնողներուն եւ մեծածնողներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Աւելին, կը կոչ ընենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն՝ յատկապէս զգոյշ ըլլալ նուիրատուութիւն խնդրող պատճառներ եւ քարոզարշաւներ ճանչնալու ատեն։ Միացեալ մեր ընդհանուր մարդկութեամբ, կը կանգնինք համերաշխ եւ օժանդակ՝ անոնց ամենահրատապ կարիքի պահուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւնները Ամերիկայի Հայ Հաւաքոյթ Հայ Իրաւաբանական Միութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Ս. Նարեկ Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ Թեմ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Շրջան Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութիւն Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէ, Արեւմտեան Շրջան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Օգնութեան Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Լոս Անճելըսի Հայ Ընկերակցութիւն – Իրանահայ Միութիւն Կալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – Իրաքահայ Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելըսի Իրաքահայ Ընտանեկան Միութիւն Քեսապի Կրթական Միութիւն Պոլսահայոց Կազմակերպութիւն Միջազգային Աշխատաւորներու Ծառայութեան Միութիւն – Հայկական Խմբակ Հարաւային Կալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն Միացեալ Երիտասարդ Հայեր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Առաջնորդարան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղետալի պայթիւնէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայ Համայնքային Խորհուրդը…
12 Օգոստոսի 2020
ԱնցնիլՎեր