24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ’անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։ «Անոնք այսօրուընէ կը մեկնարկեն: Առաջին փուլով 24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ: Գանատայէն, Դանիայէն, Ռուսաստանէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Նորվեկիայէն մինչեւ Իսրայէլ, Հոլանտա ու Չինաստան. անոնց նոյնիսկ համաճարակը չէ խանգարած հասնելու Հայաստան: Ծրագրի մասնակիցները ողջունեց ու բարի գալուստ մաղթեց Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը: Յանձնակատարը յոյս յայտնեց, որ անոնք հայրենիքի մէջ կ’ունենան անփոխարինելի աշխատանքային փորձառութիւն: Այնուհետ մասնակիցներուն «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեանը եւ «RepatArmenia» հիմնադրամի համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեանը ներկայացուցին հայաստանեան պետական մարմիններուն մէջ աշխատելաոճի առանձնայատկութիւնները եւ միջավայրին արագ ընդելուզման համար
2 Սեպտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։

«Անոնք այսօրուընէ կը մեկնարկեն: Առաջին փուլով 24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ: Գանատայէն, Դանիայէն, Ռուսաստանէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Նորվեկիայէն մինչեւ Իսրայէլ, Հոլանտա ու Չինաստան. անոնց նոյնիսկ համաճարակը չէ խանգարած հասնելու Հայաստան:

Ծրագրի մասնակիցները ողջունեց ու բարի գալուստ մաղթեց Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը: Յանձնակատարը յոյս յայտնեց, որ անոնք հայրենիքի մէջ կ’ունենան անփոխարինելի աշխատանքային փորձառութիւն:

Այնուհետ մասնակիցներուն «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեանը եւ «RepatArmenia» հիմնադրամի համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեանը ներկայացուցին հայաստանեան պետական մարմիններուն մէջ աշխատելաոճի առանձնայատկութիւնները եւ միջավայրին արագ ընդելուզման համար գործնական խորհուրդներ տուին:

COVID-19-ով եւ օդային սահմանափակ հաղորդակցութեամբ պայմանաւորուած՝ ծրագրի մուս մասնակիցները Հայաստան պիտի ժամանեն քիչ մը աւելի ուշ», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ․ Արայիկ Յարութիւնեան
Նախորդ նիւթը

Կը շնորհաւորեմ բոլորս՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ․ Արայիկ Յարութիւնեան

Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը
Յաջորդ նիւթը

Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը

ԱնցնիլՎեր