Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը

Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշները: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն, կը գրէ Israel Hayom թերթը: Թերթը նշած է, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Թուրքիոյ մէջ վերջին 3 օրերուն վարակուած է 1491-1549 մարդ, 26-39 մարդ մահացած է: 83 մլն բնակչութիւն ունեցող երկրի համար այդ լաւ թիւ է, սակայն աշխարհը կասկածի ունի այդ թիւերուն մասին: Թուրքիան կը մնայ «կարմիր» երկիր այն պատճառով, որ երկրի նախագահ Ռեճէպ Էրտողանն ու առողջապահութեան նախարար Ֆահրէտին Քոճան կը թաքցնեն իրական թիւերը: Այժմ Էրտողանը քննադատութեան կ’արժանանայ իր ոչ միայն ընդդիմադիրներուն կողմէն, այլ նաեւ իր նախկին դաշնակից, նախկին վարչապետ եւ նախկին արտաքին
2 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը

Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշները: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն, կը գրէ Israel Hayom թերթը:

Թերթը նշած է, որ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Թուրքիոյ մէջ վերջին 3 օրերուն վարակուած է 1491-1549 մարդ, 26-39 մարդ մահացած է: 83 մլն բնակչութիւն ունեցող երկրի համար այդ լաւ թիւ է, սակայն աշխարհը կասկածի ունի այդ թիւերուն մասին:

Թուրքիան կը մնայ «կարմիր» երկիր այն պատճառով, որ երկրի նախագահ Ռեճէպ Էրտողանն ու առողջապահութեան նախարար Ֆահրէտին Քոճան կը թաքցնեն իրական թիւերը: Այժմ Էրտողանը քննադատութեան կ’արժանանայ իր ոչ միայն ընդդիմադիրներուն կողմէն, այլ նաեւ իր նախկին դաշնակից, նախկին վարչապետ եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի կողմէն:

Թերթը նշած է, որ սա առաջին դէպքն է, երբ կը քննադատեն «տունէն»: «Ճիշդ է, Տաւութօղլուն այլեւս Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան անդամ չէ, սակայն քաղաքական առաջնորդ է, որ կ’աջակցի նէօ-օսմանիզմին: Բացի այդ, Տաւութօղլուն ակադեմիկոս է, քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փրոֆեսոր: Այդ տեսանկիւնէ ան շահեկան դիրքի վրայ է»,-գրած է թերթը:

Տաւութօղլուն նաեւ յայտարարած է, որ ԱԶԿ-ը դարձած է «ընտանեկան կուսակցութիւն»:

«Ամբողջ Թուրքիոյ մէջ վարակման ծաւալներու մշտական բնոյթը անտրամաբանական է: Թրքական տնտեսութիւնը այնքան փխրուն է, որ մենք չենք կրնար նոր քարանթին մեզի թոյլ տալ»,-կարծիք յայտնած է բժիշկ  Էյթան Քոէն Եանարոչաքը:  

24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ
Նախորդ նիւթը

24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ’անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

Աւստրիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Թուրքիան՝  լրտեսութեան մէջ
Յաջորդ նիւթը

Աւստրիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Թուրքիան՝ լրտեսութեան մէջ

ԱնցնիլՎեր