13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Իրանի նախագահն այցած է Սուրիա

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին այսօր առաւօտեան պաշտօնական այցով ժամանած է Սուրիա. սա Իրանի նախագահի առաջին այցն է երկիր 2011-ին Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը սկսելէն ի վեր: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով IRNA գործակալութիւնը: Ռայիսին Սուրիա մեկնած է նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնական հրաւէրով: Երկու ղեկավարները պիտի հանդիպին Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ: Այցի ընթացքին Ռայիսիին կ’ուղեկցին 4 նախարարներ, Իրանի Կեդրոնական դրամատան նախագահը, Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը եւ Ռայիսիի գլխաւոր քաղաքական խորհրդատուն: Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայիսին դիմաւորած է Սուրիոյ տնտեսութեան նախարար Մուհամետ Սամեր ալ-Խալիլը։ Սուրիական Al-Watan թերթը աւելի վաղ գրած էր, որ Ռայիսիի այցը պիտի տեւէ երկու օր: Իրանի եւ Սուրիոյ նախագահներու
3 Մայիսի 2023
3 ր. ընթերցում
13 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Իրանի նախագահն այցած է Սուրիա

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին այսօր առաւօտեան պաշտօնական այցով ժամանած է Սուրիա. սա Իրանի նախագահի առաջին այցն է երկիր 2011-ին Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը սկսելէն ի վեր: Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով IRNA գործակալութիւնը:

Ռայիսին Սուրիա մեկնած է նախագահ Պաշշար Ասատի պաշտօնական հրաւէրով: Երկու ղեկավարները պիտի հանդիպին Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ: Այցի ընթացքին Ռայիսիին կ’ուղեկցին 4 նախարարներ, Իրանի Կեդրոնական դրամատան նախագահը, Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը եւ Ռայիսիի գլխաւոր քաղաքական խորհրդատուն:

Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայիսին դիմաւորած է Սուրիոյ տնտեսութեան նախարար Մուհամետ Սամեր ալ-Խալիլը։

Սուրիական Al-Watan թերթը աւելի վաղ գրած էր, որ Ռայիսիի այցը պիտի տեւէ երկու օր: Իրանի եւ Սուրիոյ նախագահներու միջեւ պաշտօնական բանակցութիւններ պիտի կայանան երկու երկիրներու ռազմավարական համագործակցութիւնը ամրապնդելու շուրջ։

Թերթի տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ռայիսիի այցի ընթացքին Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ մեծ թուով պայմանագրեր եւ փոխըմբռնման յուշագրեր պիտի ստորագրուին տնտեսութեան ոլորտի մէջ։

 

Ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կոչերու համար անձը կը պատժուի մինչեւ 3 տարիով. նախագիծը ընդունուեցաւ
Նախորդ նիւթը

Ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կոչերու համար անձը կը պատժուի մինչեւ 3 տարիով. նախագիծը ընդունուեցաւ

Պատճառը «Նեմեսիս»-ի յուշարձանի բացումն է. Չաւուշօղլու մեկնաբանած է թէ ինչու փակած են օդային տարածքը Հայաստանէն թռիչքներու համար
Յաջորդ նիւթը

Պատճառը «Նեմեսիս»-ի յուշարձանի բացումն է. Չաւուշօղլու մեկնաբանած է թէ ինչու փակած են օդային տարածքը Հայաստանէն թռիչքներու համար

ԱնցնիլՎեր