Աւստրիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Թուրքիան՝ լրտեսութեան մէջ

Աւստրիոյ մէջ ձերբակալած են ենթադրեալ թուրք լրտես, որ հետեւած է երկրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քննադատներուն: Корреспондент-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ Ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամերը: «Աւստրիոյ մէջ թրքական լրտեսութիւնը տեղ չունի: Պէտք է պարզ ըլլայ, որ մենք նման մօտեցում թոյլ չենք տար»,- աւստրացի նախարարի խօսքը մէջբերած է Die Presse պարբերականը: Նախարարը աւելցուցած է, որ Աւստրիան դիւանագիտական քայլեր պիտի նախաձեռնէ ձերբակալութեան հետ կապուած, իսկ դատական իշխանութիւնը լրտեսութեան մասին մեղադրանք պիտի ներկայացնէ:   Ինչպէս Նեհամերը յայտնած է, կասկածեալը բացայայտած են մէկ շաբաթ առաջ քիւրտ եւ թուրք ազգայնական ցուցարարներու միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետաքննութեան ընթացքին:
2 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Աւստրիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Թուրքիան՝  լրտեսութեան մէջ

Աւստրիոյ մէջ ձերբակալած են ենթադրեալ թուրք լրտես, որ հետեւած է երկրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քննադատներուն: Корреспондент-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ Ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամերը:

«Աւստրիոյ մէջ թրքական լրտեսութիւնը տեղ չունի: Պէտք է պարզ ըլլայ, որ մենք նման մօտեցում թոյլ չենք տար»,- աւստրացի նախարարի խօսքը մէջբերած է Die Presse պարբերականը:

Նախարարը աւելցուցած է, որ Աւստրիան դիւանագիտական քայլեր պիտի նախաձեռնէ ձերբակալութեան հետ կապուած, իսկ դատական իշխանութիւնը լրտեսութեան մասին մեղադրանք պիտի ներկայացնէ:  

Ինչպէս Նեհամերը յայտնած է, կասկածեալը բացայայտած են մէկ շաբաթ առաջ քիւրտ եւ թուրք ազգայնական ցուցարարներու միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետաքննութեան ընթացքին:

Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը
Նախորդ նիւթը

Ահմետ Տաւութօղլու. Թուրքիոյ մէջ կը թաքցնեն «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութեան իրական ցուցանիշերը

Ազատականութիւնը հիմք ՝հայկական պետականութեան  զարգացման.Գէորգ Հալէպլեան
Յաջորդ նիւթը

Ազատականութիւնը հիմք ՝հայկական պետականութեան  զարգացման.Գէորգ Հալէպլեան

ԱնցնիլՎեր