Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագայ: Այս մասին կը փոխանցեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն: Տեղի առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտիքը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթէլ» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բուժհաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամենօրեայ օժանդակութեան համար: Անոնց խօսքով՝ հայ եւ սուրիացի բժիշկները համատեղ ջանքեր կը գործադրեն տուժածներուն օգնելու համար: Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն ցուցաբերած օգնութեան եւ աջակցութեան համար։ Հայաստանի մարդասիրական
25 Օգոստոսի 2020
4 ր. ընթերցում
Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագայ: Այս մասին կը փոխանցեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն:

Տեղի առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտիքը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթէլ» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բուժհաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամենօրեայ օժանդակութեան համար: Անոնց խօսքով՝ հայ եւ սուրիացի բժիշկները համատեղ ջանքեր կը գործադրեն տուժածներուն օգնելու համար:

Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն ցուցաբերած օգնութեան եւ աջակցութեան համար։

Հայաստանի մարդասիրական խումբը Սուրիոյ «Օգնութեան խաչ»-ի վարչութեան հետ համագործակցութեամբ՝ Հալէպի մէջ հայ համայնքին պատկանող «Ազգային պատսպարան» մանկատան սաներուն փոխանցած է անհրաժեշտ պարագաներ եւ սնունդ: Սուրիոյ «Օգնութեան խաչ»-ի վարչակազմը ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական խումբին այս դժուար պայմաններուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ երեխաներուն մասին մատծելու համար:

Արսէն Թորոսեանը Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 18-ը պիտի ըլլայ արձակուրդի մէջ
Նախորդ նիւթը

Արսէն Թորոսեանը Օգոստոս 31-էն Սեպտեմբեր 18-ը պիտի ըլլայ արձակուրդի մէջ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի

ԱնցնիլՎեր