Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի

Հայաստանի մէջ, 26 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 067 դէպք, որոնցմէ 36 726-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 216 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 198 569 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 131 նոր դէպք եւ 251 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 861): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  63, 79 տարեկան տղամարդիկ եւ 58 տարեկան կին: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական
26 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի

Հայաստանի մէջ, 26 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 067 դէպք, որոնցմէ 36 726-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 216 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 198 569 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 131 նոր դէպք եւ 251 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 861):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  63, 79 տարեկան տղամարդիկ եւ 58 տարեկան կին: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 264 է:

Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մարդասիրական խումբի օժանդակութիւնը՝ Հալէպին. Աւելի քան 2 թոն բժշկական պարագայ

Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ
Յաջորդ նիւթը

Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ

ԱնցնիլՎեր