Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ

Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 շէնքին մէջ, կազի արտահոսքէն տեղի ունեցած պայթումի պատճառով շէնքը մասնակի փլած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն:  Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգը ստացած է 26 օգոստոսին, ժամը 07:18-ին:  Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարակակն ծառայութեան խումբերը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը։ Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է երկու տուժած քաղաքացի եւ մէկ քաղաքացիի դի: Իրականացուած է 21 քաղաքացիի տարհանում։ Տուժածները տեղափոխուած են «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Դէպքի վայր գտնուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը  եւ ԱԻ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը։ ՀՀ վարչապետը դէպքի առնչութեամբ նշած է, որ փլուզումը տեղի
26 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ

Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 շէնքին մէջ, կազի արտահոսքէն տեղի ունեցած պայթումի պատճառով շէնքը մասնակի փլած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն: 

Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգը ստացած է 26 օգոստոսին, ժամը 07:18-ին: 

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարակակն ծառայութեան խումբերը, Հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հրահանգիչը։

Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է երկու տուժած քաղաքացի եւ մէկ քաղաքացիի դի: Իրականացուած է 21 քաղաքացիի տարհանում։

Տուժածները տեղափոխուած են «Հերացի» թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր, անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:

Դէպքի վայր գտնուած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը  եւ ԱԻ նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանը։

ՀՀ վարչապետը դէպքի առնչութեամբ նշած է, որ փլուզումը տեղի ունեցած է Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Ռայնիսի 1 հասցէին վրայ գտնուող 4 յարկանի շէնքին մէջ։

Նախնական վարակածով պայթումի պատճառ դարձած է բնական կազի արտահոսքը։ Մասնակի փլուզած է նոյն շքամուտքին մէջ գտնուող 12 բնակարան։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 067-ի

Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը
Յաջորդ նիւթը

Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ԱնցնիլՎեր