Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 26 օգոստոսին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն: Զոհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են յուլիսեան մարտերէն ետք տարածաշրջանային զարգացումները եւ այս ծիրէն ներս ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:   Նախարար Մնացականեանն ընդգծած է տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանմանն ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները նաեւ միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերուն շուրջ։ 
26 Օգոստոսի 2020
2 ր. ընթերցում
Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 26 օգոստոսին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Զոհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը քննարկած են յուլիսեան մարտերէն ետք տարածաշրջանային զարգացումները եւ այս ծիրէն ներս ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:  

Նախարար Մնացականեանն ընդգծած է տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանմանն ուղղուած հայ-ռուսական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները նաեւ միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերուն շուրջ։ 

Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ
Նախորդ նիւթը

Երեւանի Զէյթուն շրջանին շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում՝ կազի արտահոսքի պատճառով. կայ մէկ զոհ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 270-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 270-ի

ԱնցնիլՎեր